2014-07-16 12:20:26

Պաշշար Ալ Ասատ կատարեց նախագահական երդումը


Այսօր` Յուլիս 16-ին կէսօրուայ ժամը 12:40-ին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ալ Ասատ կատարեց նախագահական պաշտօնական երդումը:
Ասատ իր Խօսքին մէջ յայտնած է, որ 4 տարի եւ երեք ամիս ետք ժողովուրդը ուզեց եւ կատարեց, մեր ժողովուրդը դէմ կեցաւ բոլոր տեսակի թշնամիներուն, ձեռք առաւ զէնքը եւ իր լեզուով արտայատեց արդարութեան խօսքը։ Այս մասին կը յայտնէ Almayadeen-ը։
Սուրիոյ նախագահը յայտնած է նաեւ, որ ինք առաւել ոգեւորուած է վերադարձով այն սուրիացիներու, զորս պայմանները ստիպեց որ անոնք հեռանան երկրէն։ Ան աւելցուցած է նաեւ, որ ապագան ժողովուրդի սեփականութիւնն է եւ ուրիշ ոչ ոգի, իսկ Սուրիան տակաւին կարողութիւն դիմակայելու եւ կառուցելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.