2014-07-16 11:37:56

Ուկրանիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու կոչը խաղաղութեան։


Ուկրանիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսները կոչ ուղղած է խաղաղութեան։ Կոչին մէջ կը կարդանք. ''Խորին տխրութեամբ ու անձկութեամբ կը յայտնենք մեր ցաւը արեւելեան Ուկրանիոյ մէջ տեղի ունեցող զինեալ ընդհարումներուն ի տես, որուն հետեւանքով բազմաթիւ երիտասարդներ պատերազմի դաշտին վրայ իյնկան։ Յանուն Ուկրանիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերին ու հաւատացեալներուն մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհերուն պարագաներուն, Տիրոջմէն հայցելով ողորմութիւն զոհերուն եւ մխիթարութիւն անոնց ծնողներուն ու ընկերներուն։
''Սիր'' մամլոյ գործակալութեան համաձայն զինեալ բախումները շատ լարուած կը մնան ուկրային բանակի ու ռուսիոյ համակիր զինեալներու միջեւ։ ''Սրտի անհուն ցաւով ծունկի կու գանք անոնց առջեւ որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին հայրենիքի սիրոյն ու պաշտպանութեան։ Թող Տէրը զանոնք ընդունի իր Արքայութեան մէջ, մինչ մեր աղօթքը կը բարձարցնենք խաղաղութեան ու հաշտութեան Տիրամօր` վերջ տալու զինեալ ընդհարումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.