2014-07-16 10:20:39

Հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու Բ. համագումար


Հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու Բ. համագումարի աշխատանքները սկիզբ առին երեքշաբթի, 15 յուլիս 2014, Երեւանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» ժողովրդապետութեան մէջ, կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան:
Համագումարի բացման նիստի բացումը կատարեց հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու յանձնախումբի նախագահ՝ Հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը, աղօթքով ու ողջոյնի խօսքով: Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խօսքը փոխանցեց Գերշ. Տէր Յովակիմ եպս. Մանուկեան, իսկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի ուղերձը ընթերցեց Գեր. Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանը, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի Նախարար՝ տիկին Հրանուշ Յակոբեան:
«Ընկերային հաղորդամիջոցները ի սպաս քրիստոնէական, մարդկային եւ ազգային արժէքներու տարածումին եւ հայկական հիմնախնդրիներու բարւոք հետապնդումին» խորագիրը կրող համագումարի առաջին նիստին ելոյթ ունեցաւ փոխ մեծաւոր Զմմառու վանքին, «Զուարթնոց» պարբերաթերթի խմբագիր եւ «Մասիս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր՝ Հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան եւ ներկայացուց «Հայ եկեղեցին եւ հաղորդամիջոցները», ապա՝ լրագիր ու խմբագիր՝ պր. Սարգիս Նաճարեան եւ ներկայացուց «Հաղորդամիջոցները եւ ինքնութեան հարցերը»: Համագումարի Բ. նիստին հանդէս եկաւ «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի հայագիտական կեդրոնի ղեկավար՝ Արիստակէս Սիմաւորեան եւ ներկայացուց «Թուրքիոյ տեղեկատուական քաղաքականութիւնն ու գործնական քայլերը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ», ապա զեկուցեց պատմաբան Գէորգ Եազըճեանը նիւթ ունենալով «Լեզու եւ ինքնութիւն- օտարախօս հայեր»: Համագումարի առաջին օրուան վերջին զեկուցաբերն էր պր.Սագօ Արեանը, որ ներկայացուց «Հայ Մամուլը եւ հրապարակագրութիւնը աշխարհի մէջ այսօր»: Քննարկումներէն ու առաջարկութիւններէն ետք համագումարի առաջին օրուան աշխատանքները իրենց աւարտին հասան:








All the contents on this site are copyrighted ©.