2014-07-16 11:20:04

Եւրոպական յանձնաժողովի նոր կազմի նախագահ նշանակուեցաւ Ժան Քլոտ Եունքըր


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նոր կազմի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքըր Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ յառաջիկայ հինգ տարիներուն Եւրոպական Միութեան թեկնածուներէն ոչ մէկը պիտի կարենայ իրականացնել ատոր համար անհրաժեշտ պայմանները:
«Յառաջիկայ հինգ տարիներուն Եւրոպական Միութիւն մտնող պետութիւններ պիտի չըլլան: Դժուար է պատկերացնել, որ թեկնածուներէն մէկը պիտի իրականացնէ ատոր համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները եւ պիտի կարենայ մտնել Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ», նշած է ան:
Ժան Քլոտ Եունքըր նաեւ նշած է, որ անդամակցութեան մասին բանակցութիւնները պիտի շարունակուին բոլոր թեկնածուներուն հետ:
Խօսելով ուքրանացիներուն մասին` ան զանոնք եւրոպացի անուանած է: «Այդ եւրոպացի մարդիկը իրենց տեղը ունին Եւրոպայի մէջ», յայտարարած է Եունքըր:







All the contents on this site are copyrighted ©.