2014-07-16 11:31:49

Եգիպտական նախաձեռնութիւնը ձախողեցաւ.


Պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւը` Քասսամի փաղանգներ զինեալ խմբաւորումը երէկ կտրուկ կերպով մերժեց զինադադարի հաստատման համար եգիպտական նախաձեռնութիւնը` զայն նկատելով «անձնատուութիւն եւ ընկրկում» մը: Խմբաւորումը նաեւ նշեց, որ Իսրայէլի դէմ իր ճակատումը պիտի շարունակուի եւ աւելի բուռն պիտի դառնայ: Համաս շարժումը իր կարգին յայտարարեց, որ կռիւը դադրեցնելը բացառուած է, այնքան ատեն որ դիմադրութեան պայմանները չեն ապահովուած` աւելցնելով. «Մեզ նախաձեռնութեան շուրջ խորհրդակցութիւններուն մասնակից չդարձուցին, ուստի մենք մեզ անոր նկատմամբ յանձնառութենէն ազատ կը նկատենք»: Սակայն շարժումի բանբեր Մուսա Ապու Մարզուք աւելի ուշ «Մայատին»-ին յայտնեց. «Մինչեւ հիմա նախաձեռնութեան նկատմամբ Համասի կողմէ պաշտօնական կեցուածք մը գոյութիւն չունի»` աւելցնելով. «Կազայի մէջ գործող ուժերուն եւ ժողովուրդին մօտ տրամադրութիւնը «հանդարտեցում փոխան հանդարտեցման» տարազի մերժումն է»:
Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ապու Ահմետ Ֆուատ իր կարգին յայտարարեց. «Կը մերժենք եգիպտական նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ պաղեստինցիներն ու բռնագրաւումը նոյն նժարին վրայ կը դնէ»: Նախաձեռնութիւնը մերժուեցաւ նաեւ Իսլամական Ժիհատի խմբաւորման կողմէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.