2014-07-15 09:55:24

Կէս գիշերին Իսրայէլ ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանը


Ամբողջ օրուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ տիրած զգուշաւոր հանդարտութենէն եւ բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շրջուն ջոկատներուն խիստ հսկողութենէն ետք, գիշերուան ժամը 10:30-ին, հարաւային Լիբանանի եւ յատկապէս Սուրի Քլայլէ հովիտէն երկու հրթիռներ արձակուեցան դէպի բռնագրաւեալ Պաղեստին:
Հրթիռարձակումէն անմիջապէս ետք իսրայէլեան ուժեր յայտարարեցին, որ այդ հրթիռները հասած են Գալիլիա, եւ անմիջապէս հակադարձեցին այդ արարքին` ռմբակոծելով Սուրի հարաւային շրջանը, ինչպէս նաեւ Ռաշիտիէն, Հաուշը, Նաքուրան, իսկ Քֆարքիլայի շրջանին մէջ իսրայէլեան շրջուն ջոկատը խստացուց իր հսկողութիւնը:
Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին թռիչքներ գործեց Սուրի եւ անոր շրջակայքին վերեւ, իսկ իսրայէլեան երկու ուղղաթիռներ թռիչքներ գործեցին Այթա Շաապի եւ Սուրի Հըննիէ գիւղաքաղաքին վերեւ:
Իսրայէլի կողմէ Լիբանանը ռմբակոծելու զուգահեռ բանակը զգուշացուց քաղաքացիները Հաուշ-Նաքուրա մայրուղին օգտագործելէ եւ ուշ գիշերին փակեց մայրուղին:
Իսրայէլեան ուժերուն կողմէ շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին կատարուած ռմբակոծումներէն ետք կացութիւնը դարձեալ հանդարտեցաւ:
Արսալի Բարձունքներուն Վրայ
Միւս կողմէ, Արսալի բարձունքներուն վրայ Հըզպալլայի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ու ՏԱՀԵՇ-ի անդամ զինեալներուն միջեւ բախումները շարունակուեցան:
Անպաշտօն աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Արեւմտեան Պեքաայի եւ Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային վրայ արձանագրուող զինեալ բախումներուն ընթացքին Հըզպալլա կրցած է մաքրագործել Ժապհաթ Նուսրայի պատասխանատուներէն Ահմետ Եաքզանը:
Սուրիական աղբիւրներուն համաձայն, կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Արսալի եւ Մաարա գիւղին միջեւ արձանագրուած զինեալ բախումներուն ընթացքին զոհուած են Հըզպալլայի 7 մարտիկներ եւ վիրաւորուած 31 ուրիշներ, մինչդեռ Հըզպալլայի մարտիկներ կրցած են գերեվարել Նուսրայի 14 զինեալներ, ինը զինեալներ սպաննուած են եւ 23 ուրիշներ վիրաւորուած` բախումներուն ընթացքին:







All the contents on this site are copyrighted ©.