Աւելի քան երեսուն հազար Ուքրանացի Ռուսիայէն ապաստան կամ գաղթականի կարգավիճակ խնդրած
Է։
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային գաղթի ծառայութեան ղեկավար Քոնսթանթին
Ռոմոտանովսքի ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով յանձնակատար Վինսենթ Քոշթելի հետ հանդիպումէն
ետք յայտարարած է, որ 30,495 ուքրանացի ծառայութեան դիմած է գաղթականի կարգավիճակ կամ
ժամանակաւոր ապաստան ստանալու համար: Ըստ անոր, 26.5 հազար մարդ դիմած է ժամանակաւոր
ապաստանի, իսկ շուրջ չորս հազարը` գաղթականի կարգավիճակ ստանալու համար: Դաշնակցային
գաղթի ծառայութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ դիմումներու աճը մտահոգիչ է: Ծառայութեան
ղեկավարը նաեւ նշած է, որ 130 հազար ուքրանացիներ դիմած են իրենց գերատեսչութեան` Ռուսիոյ
մէջ գտնուելու ժամկէտը երկարաձգելու համար: