2014-07-15 10:22:46

Արժանթինի մէջ զանգուածային անկարգութիւններ։


«Լանսնեթ» կը հաղորդէ, որ Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական մրցումէն ետք, որուն ընթացքին Արժանթինի ազգային խումբը լրացուցիչ ժամանակին մէջ նուազագոյն հաշիւով պարտութիւն կրեց Գերմանիոյ ազգային խումբէն, Արժանթինի մէջ զանգուածային անկարգութիւններ սկսած են:
Պուենոս Այրեսի ոստիկանները համակիրները հանդարտեցնելու համար ստիպուած եղած են արցունքաբեր կազ օգտագործելու:
Ձերբակալուած են քառասուն անձեր, քանի մը ոստիկաններ տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ ստացած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.