2014-07-14 08:17:23

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչը Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար։


''Վերջին օրերուն պատահած ողբերգական արարքներու լոյսին տակ, կը խնդրեմ որ յարատեւ աղօթէք Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչը, ուղղուած կիրակի, 13 մայիսի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։
Վերյիշելով անեցալ 8 յունիսի 2014-ին, Վատիկանի մէջ կայացած Սուրբ Երկրի ի սպաս աղօթքի հանդիպումը, ներկայութեամբ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի նախագահներուն ու Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին, Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ ''աղօթքը մեզի կ՛օգնէ չյաղթահարուելու չարէն եւ չվհատելու որ բռնութիւնն ու ատելութիւնը երկխօսութեան եւ հաշտութեան տեղը գրաւեն։ Նորին Սրբութիւնը ապա կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքական գործիչներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որ պատասխանատուութիւններ ունին, ըլլայ տեղական ըլլայ միջազգային գետնի վրայ, չխնայելու աղօթքն ու ճիգերը դադրեցնելու համար թշնամութիւնները եւ հետապնդելու խաղաղութիւնը։ ''Բոլորդ կը հրաւիրեմ միանալու աղօթքով''՝ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, Անորմէ խնդրելով օգնութիւն եւ խաղաղութեան պարգեւը։ ''Դուն մեզի սրվեցուր խաղաղութիւնը, մեզ առաջնորդէ դէպի խաղաղութիւն։ Բաց մեր աչքերն ու մեր սրտերը, ու մեզի տուր քաջութիւնը ըսելու ''ոչ երբե՛ք պատերազմին''։ Պատերազմով ամէն բան կը կործանի....մեզի տրամադիր դարձուր ունկնդրելու մեր քաղաքացիներուն կոչը որ մեզմէ կը խնդրեն որ զէնքերը դարձնենք խաղաղութեան գործիքներ, մեր վախերը` վստահութիւն ու հակառակութիւնները` ներում։
Խաղաղութեան այս կոչէն առաջ, Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութիւն մը ներկայացուցած էր ''սերմանողի'' առակի մասին յայտնելով թէ այս առակը, այսօր եւս ուղղուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին, եւ մեզի կը յիշեցնէ թէ մեք այն լաւ հողն ենք ուր Տէրը կը նետէ իր խօսքին ու սիրոյ սերմը։ Սրբազան Հայրը ապա հաւատացեալները հրաւիրեց սուրբ պատարագի զոհին մասնակցնելու, նաեւ ամառնային ամիսներու շրջանին, որպէսզի ս. զոհի ընդմէջէն ընկալենք ոյժ եւ լոյս մեր ուղեւորութեան համար։ Ան ապա զգուշացուց ''չարին'' թակարդներէն ու հայցեց Աստուածածնայ բարեխօսութիւնն ու հովանին։
Մարեմեան աղօթքէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց հրապարակը գտնուող հազարաւոր ուխտաւորները ու` ծովուն օրուան առթիւ, յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց բոլոր անոնց որոնք ծովերու վրայ կ՛աշխատին։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ, ս. Քամիլլօ Տէ Լելլիսի մահուան 400-րդ տարեդարձին առթիւ, քաջալերեց Քամիլեան ընտանիքը յարատեւելու իրենց կոչման մէջ, ծառայելով որպէս բարի սամարացիներ։
Նորին Սրբութիւնը Մարեմեան աղօթքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.