2014-07-14 10:40:01

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Ընտանիքը մեր Աստուածային ու Մարդկային Հովիւներուն…


ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, առաջին աւետարանիչէն` Ս. Մատթէոսէն ընտրուած կտորը ունի այս վերտառութիւնը` «Յիսուսի ընտանիքը» (Մտթ. 12,46-50):
Քրիստոս հրեայ պարզ ժողովուրդէն ու քանի մը մեծամեծներէ սիրուած եւ ընդունուած էր իբրեւ քարոզիչ, բայց աւելի յարգուած ու փնտռուած էր իբրեւ հրաշագործ:
Օր մը, «մինչ Յիսուս կը քարոզէր բազմութեան», ահա, Ս. Մայրն ու ազգական եղբայրները, որոնք կ՛ուզէին հետը խօսիլ, «կը սպասէին դուրսը»: Իմացուցին Անոր, որ աստուածային Ամենագէտը եւ Ամենատեսն է:
Քրիստոս, որ մեծագոյն Դաստիարակը եւ Հոգեխօսն է բոլոր դարերուն, գիտէր ամէն առիթ օգտագործել ի նպաստ հոգեմտաւոր վերելքին իր ունկնդիրներուն, զորս, ու անոնց հետ` նաեւ մեզ, կ՛ուզէ կրթել ի՛ր հոգեկանութեան համաձայն:
Իմացնողին անմիջապէս պատասխանեց այս շեշտակի հարցադրումով.«Ո՞վ է իմ մայրս… Որո՞նք են իմ եղբայրներս…»: Այս նոյն հարցումը, որ միշտ այժմէական է, ուղղուած է նաեւ մեզի, եւ մենք պատրաստ-պարտաւոր ենք պատասխանելու անոր…
Անցեալին ու ներկային ուղիղ պատասխանը դիւրացնելու դիտաւորութեամբ, համարձակախօս Քարոզիչը իր հարցադրումին կ՛աւելցնէ` ձեռքով աշակերտները ցոյց տալով. «Ահաւասիկ, իմ մայրս եւ եղբայրներս»:
Այսինքն, ամէն մէկ մարդ, նաեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրը, «որ կը կատարէ երկնաւոր Հօրս կամքը, ա՛ն է իմ եղբայրս, քոյրս ու մայրս»:
Զգո՜ւշ: Յիսուսի այս պատասխանը նկատելու չենք ո՛չ իբրեւ մերժում ընտանեկան կապերուն, զորս Տիրոջ պատուիրանը կը նուիրագործէ, եւ ո՛չ ալ իբրեւ անփափկանկատ արտայայտութիւն` իր հարազատ ու սիրելի Մօր հանդէպ, որ անկասկած Աստուծոյ խօսքը լսողներուն եւ Աստուծոյ կամքը կատարողներուն առաջինն է` այսպիսով դառնալով հլու օրինակը բոլոր ժամանակներուն եւ սուրբերուն:
Ճիշդ է, որ` «Յիսուսի կազմած նոր եւ ընդհանրական ընտանիքին մէջ գերբնական ազգականութիւնը աւելի առաջ է, քան` արենակցական ազգականութիւնը»:
Նոյնպէս ճիշդ է, որ Մարիամ, Նազարէթի անարատ Կոյսը եւ հոն «Ես Տիրոջ աղախինն եմ» արտասանած իր անվերապահ համակերպութեամբ դարձած Աստուածայրին ու Աստուածամայրը կը հանդիսանայ խանդակաթ Մայրը թէ՛ արենակցական ազգականութեամբ եւ թէ՛ գերբնական ազգականութեամբ գոյացած ընտանիքներուն, որոնց կնքուած անդամ-անդամուհիները կը մէկտեղուին Ս. Եկեղեցիէն` Աստուծոյ Ընտանիքէն ներս, եւ այն` թէ՛ երկրին վրայ ու թէ՛ երկնքին մէջ:
Վերջապէս, երբ այս հարցումը կը պարտադրէ ինքզինք, թէ` «ինչպէ՞ս կ՛ընենք երկնաւոր Հօր կամքը…», մեր Վարդապետը կը յստակացնէ.«Իմ Մայրս ու եղբայրներս անոնք են, որոնք կը լսեն Աստուծոյ Խօսքը եւ կը գործադրեն զայն» (Ղկ. 8,21):
Կը մաղթեմ քեզի, անոր, ինծի եւ բոլորին, որ Մարիամ` Ս. Կոյսը, «Մայրը Եկեղեցիին», Առաջինը Տիրոջ Խօսքը լսողներուն եւ գործադրողներուն, մեզ առինքնէ՜ իր օրինակով ու աղօթքով:
Տիրոջ Խօսքը ունկնդիրներուն եւ կիրարկողներուն մեծագոյններէն մին է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, որուն «Գիւտ նշխարաց» տօնը կատարեցինք երէկ: Հայադրոշմ տօնախմբումին համար կարդացուած աւետարանը կը փոխանցէ մեզի չորրորդ աւետարանիչը` Ս. Յովհաննէս, «այն առաքեալը, զոր Տէրը կը սիրէր»:
Քրիստոսի ուղղակի խօսքերը համադրող «Քաջ ու բարի Հովիւը» (Յվհ. 10,11-15) խորագրեալ հատուածէն կ՛առնեմ անհամեմատելի բաղդատութիւնը Աստուածային Հովիւին ու մարդկային հովիւին միջեւ: Առաջինն է Յիսուս: Երկրորդն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, որ միշտ հետեւորդն է իր Վարդապետին:
«Ես եմ քաջ Հովիւը»: Խօսքով ու գործով փաստեցին իրենց յայտարարութիւնը: Դեռ աւելի՛, իրենց կեանքով ապացուցին պատմական ճշմարտութիւնն այս խօսքին. «Քաջ Հովիւը կը զոհէ կեանքը իր ոչխարներուն համար»:
«Աստուած այնքա՜ն սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն մարդ, որ հաւատայ Անոր, չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յվհ. 3,16):
Յիսուս այնքա՜ն սիրեց հայաշխարհը, որ անոր ղրկեց Գրիգոր Պարթեւը, որպէսզի ամէն հայ, որ հետեւի անոր ձայնին, «չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը»:
«Վարձկանը, որ հովիւ չէ, եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, հազիւ տեսնէ, թէ գայլը կու գայ, կը լքէ ոչխարներն ու կը փախչի»:
Առօրեայէն առնուած պատկերն է, որուն կենսատու դիմադարձութիւնը կ՛ապրինք Յիսուսի եւ Գրիգորի գործադրած սահմանումով. «Չկայ աւելի մեծ սէր, քան` իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար: Դուք (մարդե՜ր, հայե՜ր) իմ բարեկամներս էք, եթէ ընէք, ինչ որ կը պատուիրեմ ձեզի» (Յվհ. 15,13-14):
«Գայլը կը յափշտակէ զանոնք: Որովհետեւ վարձկան է, հոգ չ՛ըներ ոչխարներուն վրայ»: Այո՛, ինչպէս անցեալին ոռնացին, նոյնպէս ներկային մէջ մարդակերպ գայլեր, այս կամ այն կողմէն, կ՛արձակեն իրենց ոռնոցները, որոնք մեզ չկրցան եւ չեն կրնար վախցնել, երբե՛ք:
Մանաւանդ որ մենք` «ոչխարներս», զրահուած ենք այդ վայնասուններուն դէմ մեր Հովիւներուն` Յիսուսի եւ Գրիգորի այս յաւերժահունչ քաջալերանքով. «Մի՛ վախնար, հօտ փոքրիկ, որովհետեւ ձեր Հայրը հաճեցաւ տալ ձեզի Արքայութիւնը» (Ղկ. 12,32):
«Ես եմ բարի Հովիւը: Կը ճանչնամ իմ ոչխարներս, եւ ոչխարներս կը ճանչնան Զիս: Ինչպէս Հայրը կը ճանչնայ Զիս, այնպէս ալ Ես կը ճանչնամ Հայրը եւ կեանքս կու տամ իմ ոչխարներուս համար»:
Աստուածային Հովիւին ու մարդկային հովիւին միջեւ միշտ առկայ անհամեմատելի բաղդատութեան ծիրին մէջ կը ներմուծուինք մենք` «ոչխարներս», որովհետեւ մեր երկնաւոր Հօր սիրավառ հաճութեամբ ու մեր երկնային Մօր` Մարիամի գործօն ներկայութեան կը կազմենք «Աստուծոյ ընտանիք»-ին անդամ-անդամուհիները, որոնց կը ձայնեն «ոչխարներուն» քաջ ու բարի Հովիւները` Յիսուս Քրիստոս, մեր խաչեալ Փրկիչը, եւ Գրիգոր Լուսաւորիչ` «մեր հաւատքին Հայրը». «Ահաւասիկ իմ պատուիրանս. «Սիրեցէ՛ք զիրար, ինչպէս Ես սիրեցի ձեզ» (Յվհ. 15,13), որպէսզի իմ ուրախութիւնս մնայ ձեր մէջ եւ ձեր ուրախութիւնն ըլլայ կատարեալ» (Յվհ. 15,11):
Այնճար, 6 յուլիս 2014








All the contents on this site are copyrighted ©.