2014-07-12 12:08:26

Քահանայապետական անուանում


Շաբաթ, 12 յուլիսին, Ֆրանչիսկսոս Քահանայապետը անուանեց Քուպայի Հապանա
թեմի Արքեպիսկոպոս կարտինալ Ժէմ Լուքաս Օրթէկան ի Ալամինօն , որպէս յատուկ
Նուիրակ՝ նախագահելու Գանատայի Քեպէք քաղաքի մէջ գտնուող Նոթր Տամ Տը Քէպէք անուան ժողովրդապետութեան հիմնարկութեան 350 ամեակի առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ14 սեպտեմբերին։
Նշենք, թէ Նոթր Տամ Տը Քեպէք ժողովրդապետութիւնը համարուած է որպէս
ամբողջ Հիւսիսային Ամերիկիոյ տարածքին մէջ գտնուող ժողովդրապետութիւններու
Մայր եկեղեցին։







All the contents on this site are copyrighted ©.