24 Ուրիշ առակ մըն
ալ առաջարկեց անոնց ու ըսաւ. “Երկինքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին
մէջ լաւ սերմ ցանեց: 25 Մինչ մարդիկ կը քնանային` իր թշնամին եկաւ, որոմ ցանեց ցորենին
մէջ եւ գնաց: 26 Երբ խոտը ծաղկեցաւ ու պտուղ բերաւ, այն ատեն որոմն ալ երեւցաւ: 27
Ուստի հողատիրոջ ծառաները մօտեցան եւ ըսին անոր. “Տէ՛ր, դուն լաւ սերմ չցանեցի՞ր արտիդ
մէջ. ուրեմն որոմը ուրկէ՞ է”: 28 Ան ալ ըսաւ անոնց. “Թշնամի մը ըրած է ասիկա”: Ծառաները
ըսին իրեն. “Ուստի կ'ուզե՞ս որ երթանք ու քաղենք զանոնք”: 29 Իսկ ան ըսաւ. “Ո՛չ, որպէսզի
երբ որոմը քաղէք` ցորենն ալ չփրցնէք անոր հետ: 30 Թո՛յլ տուէք որ երկուքն ալ միասին
աճին` մինչեւ հունձքի ատենը”: Եւ հունձքի ատենը պիտի ըսեմ հնձողներուն. “Նախ որո՛մը քաղեցէք
ու խուրձ-խուրձ կապեցէ՛ք` այրելու համար, իսկ ցորենը ժողվեցէ՛ք իմ ամբարս”“: