Իսլամական զինեալները Պաղտատէն ոչ հեռու ռազմակայան մը գրաւած են
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն
խմբաւորումը Իրաքի մէջ ռազմակայան մը վերցուցած է վերահսկողութեան տակ: Ռազմակայանը
կը գտնուի մայրաքաղաք Պաղտատէն 80 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք: Կը նշուի, որ զինեալները
ներխուժած են Մուքտատայիա քաղաքի սահմանին գտնուող ռազմակայան: Իրաքի արտաքին գործոց
նախարար Հոշիար Զիպարի յայտարարեց, որ Քրտական պլոքը կառավարութեան մէջ իր մասնակցութիւնը
կ՛առկախէ` իբրեւ պատասխան վարչապետ Նուրի Մալիքիի արձակած ամբաստանութեանց: Վերջինս
յայտարարած էր, որ Քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Էրպիլը ՏԱՀԵՇ խմբաւորման ռազմակայանը
դարձած է: