2014-07-12 08:45:10

Գաղթականութեան հովուութեան քահանայապետական խորհուրդի պատգամը Ծովու օրուան առթիւ


Կիրակի օրը` 13 յուլիս 2014, Ծովու օր է։ Այս առթիւ Գաղթականութեան հովուութեան քահանայապետական խորհուրդը պատգամ մը ուղղած է քրիսոնեայ հասարակութեան եւ ընկերութեան ճանչնալու ծովու մարդիկը, որպէս անհատներ, որոնք իրենց աշխատանքով, նուիրումով կ`աշխատին մեր կեանքը դարձնել աւելի հանգստաւէտ եւ այդ պատճառաւ երախտագէտ պէտք ենք ըլլալ անոնց։ Ծովու օրը նաեւ համամիութենական բնոյթ ունի քանի՝ բազմաթիւ նաւահանգիստներու մէջ ծիսական արարողութիւններ տեղի կ`ունենան, որոնց կը մասնակցին քրիստոնեայ զանազան համայնքի պատկան նաւաստիներ՝ վկայութիւն տալով միութեան, հասկացողութեան ու համագործակցութեան։
Գաղթականութեան հովուութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Antonio Maria Vegliò պատգամին մէջ կը գրէ. մարդկութեան բոլոր պատմութեան հոլովոյթին, ծովը հանդիսացաւ վայրը խաչմերուկի, ուր բազմաթիւ երկրախոյզներ ու բախտախնդիրներ իրարու հետ բախումներ ու պայքարներ մղած, պատճառ դառնալով նոր ազգերու կազմութեան կամ նահանջին։ Ծովը սակայն, միշտ եղած է առաձնաշնորհեալ վայրը համաշխարհային առեւտուրի ու վաճառականութեան։ Համաշխարհային գետնի վրայ արդարեւ, շուկայի ապրանքներու 90 տոկոսը կը փոխադրուի աւելի քան 100 հազար նաւերու միջոցաւ, որ անընդհատ կը նաւարկեն աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, շնորհիւ ամէն ցեղի, ազգի ու կրօնի պատկան աւելի քան մէկ միլիոն 200 ծովայիններու։
Ծովու օրուան առթիւ ամէնքս կանչուած ենք գիտակցելու ծովայիններու դիմագրաւած առօրեայ դժուարութիւնները եւ նուիրումը ու գնահատելու Ծովու առաքելութեան հովուութեան անդամներու առաքելութիւնը։ Ասոնց աշխատանքը յաճախ անտեսանելի է ընկերութեան, այդ պատճառաւ Ծովու օրը վերակոչելով կը հրաւիրեմ ամէն քրիստոնեայ իր շուրջը դիտէ ու տեսնէ, թէ մեր առօրեայ կեանքին մէջ որքան առարկաներ մեզի հասած են շնորհիւ ծովայիններու տաժանելի աշխատանքին։ Անոնց կեանքը դժուար է ու վտանգաւոր։ Բացի դիմագրաւելու բնութեան մոլեգնութիւնն ու զօրութիւնը, ՄԱԿի
տուեալներու համաձայն, 2012-ին, աւելի քան հազար ծովայիններ մեռած են ծովաբեկութեան հետեւանքով՝ առանց մոռնալու ծովահէններու վտանգը ու ծովայիններու շահագործումը գործարարներու կողմէ։
Ծովայինները իրենց աշխատանքի բերումով դատապարտուած են առանձնութեան ու կղզիացումին։ Կ`ապրին ընտանեկան միջավայրէն հեռու, անոնց զաւակները կը ծնանին ու կ`աճին առանց իրենց ներկայութեան։ Եկեղեցին որպէս հոգատար մայր, աւելի քան 90 տարիէ ի վեր հովուուական առաքելութեամբ, իր սատարը կը կը բերէ ծովու մարդոց, Ծովու առաքելութեան միջոցաւ։ Ամէն տարի հազարաւոր ծովայիններ կ`ընդունի նաւահանգիստներու մէջ ''Աստղ ծովու'' կոչուած կեդրոններու մէջ, հոգեւոր ու նիւթական օգնութիւն, պաշտպանելով անոնց իրաւունքները։
Կիրակի` 13 յուլիս 2014, Ծովու օրը յիշատակելով, կը կարդանք Գաղթականութեան հովուութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Վելիոյի պատգամին մէջ, կ`ուզենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել ծովային մարդոց, ու մեր աղօթքը բարձրացնել ամենասուրբ Կոյս Մարիամին ''Աստղ Ծովու'', որպէսզի առաջնորդէ, լուսաւորէ ու պահպանէ բոլոր ծովայիններու նաւարկութիւնը ու նեցուկ կանգնի Ծովի առաքելութեան անդամներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.