2014-07-12 09:08:56

Գալիլիոյ դէմ Լիբանանէն հրթիռարձակում, իսրայէլեան ուժերը հակադարձած են այդ հրթիռարձակումին


Ուրբաթ, 11 յուլիսին, Լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հարաւային Լիբանանէն դէպի պաղեստինեան բռնագրաւուած հողեր կատարուած է հրթիռարձակում:
Չորս հրթիռներու արձակումէն ետք իսրայէլեան ուժերը թնդանօթներով հակադարձած են եւ ռմբակոծած լիբանանեան հողեր:
Հաղորդագրութեան համաձայն, երէկ առաւօտեան ժամը 6:30-ին երկու հոգի Հասպայայի Մարի սահմանամերձ գիւղաքաղաքէն հրթիռներ արձակած են, իսկ առաւօտեան ժամը երկուքին Այն Արապի շրջանէն երկու հրթիռներ արձակելու փորձ մը կատարուած է, սակայն անոնք տեղւոյն վրայ պայթած են, թեքնիք պատճառով:
Առաւօտեան ժամը 7:00-ին երկու այլ հրթիռներ արձակուած են Քֆարշուպայէն դէպի Մթըլլէ իսրայէլեան բնակեցման վայր, որուն իսրայէլեան ուժեր 25 ռումբով պատասխանած են` ռմբակոծելով Հալթա եւ Մաժիտիէ գիւղերը, ուր արձանագրուած են նիւթական վնասներ:
Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը շրջափակեցին հրթիռարձակման վայրերը եւ փնտռեցին հրթիռարձակումի մարտկոցները, մինչ իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ կը գործէր հարաւային Լիբանանի վերեւ:
Նոյն շրջանին մէջ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը բացայայտեց եւ վնասազերծեց նաեւ երկու այլ հրթիռներ, որոնք լարուած էին` ռմբակոծելու իսրայէլեան բնակեցման վայրեր:
Պէտք է աւելցնել, որ իսրայէլեան ուժերուն համաձայն, Գալիլիոյ դէմ Լիբանանէն հրթիռարձակում կատարուած է, առանց վնասներ արձանագրելու եւ թէ իսրայէլեան ուժերը հակադարձած են այդ հրթիռարձակումին:
Աւելի ուշ, լիբանանեան բանակը Մարիի շրջակայքը կատարած իր հետախուզական արշաւէն ետք շեշտեց, որ կրցած է ձերբակալել հրթիռարձակում կատարող յանցագործ մը` Հիւսէյն Աթուէ անունով, որ վիրաւորուած էր:
Բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց նաեւ, որ անգտած է պայուսակ մը, որուն մէջ գտնուած են հաղորդակցութեան սարքեր, քարտէս, կողմնացոյց եւ այլ սարքեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.