Սուրիան ունի ՄԱԿ-ի նոր պատուիրակ ՝ Սթեֆան Տի Միսթուր։
Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ-ը Սուրիոյ հարցերով նոր պատուիրակ նշանակած է: Նշենք, որ այս մասին
լուր փոխանցեց «Էլ. Պի. Սի.» կայանը որ նաեւ յաւելեց, թէ ՄԱԿ--ի Սուրիական հարցերով նախկին
պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիին փոխարինած է Ստեֆան Տի Միսթուրան: Յայտնենք, որ Տի Միսթուրա,
ծագումով Իտալացի, 2000 թուականէն սկսեալ, ՄԱԿ-ի կողմէ Լիբանանի մէջ որպէս յատուկ պատուիրակ
աշխատանքներ տարած է: Տէմիսթուրա եղած է նաեւ «Եունիսէֆ»ի կողմէ յատուկ յանձնակատար եւ
գործունէութիւն ծաւալած ՝ Եթովպիոյ, Իրաքի եւ Սոմալիոյ մէջ: Նշենք, որ Տի Միսթուրա իր
կողքին պիտի ունենայ Արաբ օգնական մը որուն անունը ցարդ կը մնայ անյայտ: