2014-07-11 09:52:02

Հայաստան եւ Ուրուկուէյ աշխարհի պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղեն ճանչնալու հայկական ցեղասպանութիւնը։


Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ուրուկուէյի Արեւելեան Հանրապետութեան նախագահները հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը, ուր միասնաբար կոչ ուղղած են աշխարհի պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն ճանչնալու եւ դատապարտելու «հայ ժողովրդի եւ համայն մարդկութեան դէմ Օսմանեան կայսրութիւնում 1915թ. կատարուած յանցագործութիւնը»:
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ կոչ արեցին աշխարհի պետութիւններին եւ միջազգային կազմակերպութիւններին՝ ճանաչել եւ դատապարտել հայ ժողովրդի եւ համայն մարդկութեան դէմ Օսմանեան կայսրութիւնում 1915թ. կատարուած յանցագործութիւնը: Հայկական կողմը երախտագիտութեամբ յիշատակեց, որ Ուրուգուայը Հայոց ցեղասպանութիւնն աշխարհում առաջինը ճանաչած եւ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացն սկսած երկիրն է, ինչպէս նաեւ ողջունեց Մոնտեվիդէոյում Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան հիմնելու Ուրուգուայի իշխանութիւնների որոշումը եւ այդ հարցում նախագահ Խօսէ Մուխիկայի անձնական աւանդը», գրուած է յայտարարութեան մէջ:
Անդրադառնալով Արցախի հարցին, երկու նախագահներու կողմէ ստորագրուած յայտարարութիւնը կը շեշտէ, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ բանակցային ճանապարհով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների միջնորդութեամբ, հիմնուած միջազգային իրաւունքի նորմերի եւ սկզբունքների վրայ, այդ թւում՝ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, ժողովուրդների իրաւահաւասարութեան, ազգերի ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքները:
«Հայկական կողմը գոհունակութիւն յայտնեց ղարաբաղեան հակամարտութեան հանդէպ Ուրուգուայի հաւասարակշռուած, անկողմնակալ դիրքորոշման համար, արժեւորեց Ուրուգուայի խորհրդարանականների Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու փաստը, ինչպէս նաեւ յօգուտ հակամարտութեան արդարացի լուծման Ուրուգուայի բարձրաստիճան ներկայացուցիչների կողմից արուած յայտարարութիւնները:
«Ընդգծեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի վերաբերալ այլ պետութիւնների եւ միջազգային կազմակերպութիւնների անաչառ տեսակէտ ունենալու անհրաժեշտութիւնը‘ կողմերի միջեւ երկխօսութեան եւ բանակցութիւնների միջոցով լուծմանը հասնելուն օժանդակելու համար»:








All the contents on this site are copyrighted ©.