2014-07-11 11:02:18

Իրաքի իշխանութիւնները ՄԱԿ-էն օժանդակութիւն կը խնդրեն


«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Իրաքի իշխանութիւնները պաշտօնապէս ՄԱԿ-ը տեղեակ պահած են, որ իսլամականները գրաւած են Մուսուլի համալսարանին մէջ գիտական ուսումնասիրութիւններու համար օգտագործուող հիւլէական նիւթեր:
ՄԱԿ-ի մէջ Իրաքի դեսպան Մոհամետ Ալի Հաքիմ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ըսած է, որ Մուսուլի համալսարանին մէջ կը պահուէին շուրջ 40 քիլոկրամ իւրանիոմի միացութիւններ:
Ըստ անոր, այդ նիւթերը կրնան օգտագործուիլ զանգուածային ոչնչացման զէնք արտադրելու համար: Դեսպանին ուղերձը նաեւ խնդրանք կը պարունակէ` օգնել կանխարգիլելու Իրաքի մէջ եւ երկրի սահմաններէն դուրս ահաբեկիչներու կողմէ հիւլէական նիւթեր օգտագործելու վտանգը:
Միացեալ Նահանգներու վարչակազմէն իրավիճակին ծանօթ աղբիւր մը իր կարգին յայտարարած է, որ նիւթը, որուն մասին կը խօսուի, հարստացուած իւրանիոմ չէ, հետեւաբար անիկա դժուար է օգտագործել զէնք արտադրելու համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.