2014-07-11 09:49:17

Գիրքի ցուցահանդէս–վաճառք Երեւանի մէջ։


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանեան ամառ 2014» նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ մայրաքաղաքի Մաշտոցի պողոտային յարակից Միսաք Մանուշեանի անուան պուրակին մէջ կազմակերպուած է գիրքերու ցուցահանդէս–վաճառք՝ նուիրուած Սուրբ թարգմանիչներ Սահակի եւ Մեսրոպի տօնին:
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի անունով ողջունելով ներկաները՝ փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեան նշած է, որ նախաձեռնութեան հիմնական նպատակը գեղարուեստական, յատուկ նիւթերու ու մասնագիտական գրականութեան նորութիւնները ներկայացնելն ու զանոնք ունենալու առիթ ստեղծելն էր, քանի որ երեւանցիները մնայուն կերպով առանձնայատուկ վերաբերմունք ունեցած են գիրքի ու գրականութեան նկատմամբ։ Ան ընդգծած է, որ գիրքերու այս ցուցահանդէս-վաճառքը Երեւանի քաղաքապետարանի կազմակերպած մշակութային ձեռնարկներուն մէջ իր յատուկ տեղն ու իմաստը ունի եւ պիտի նպաստէ նաեւ գրահրատարակչութեան գործի զարգացման: Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պատասխանատուներէն Մարիա Բարաղամեանը եւս կարեւոր նկատեց նման նախաձեռնութիւն մը, յատկապէս զբօսաշրջային այս աշխոյժ հանգրուանին՝ նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են նաեւ գրատպութեան բարձրորակ ու ժամանակակից ոճային տուեալներով յագեցած օտար գիրքեր: Ցուցահանդէս–վաճառքին մասնակցած են շարք մը գրախանութներու, հրատարակչութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ընթերցասէր քաղաքացիներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.