2014-07-10 11:51:38

Հայաստան Կովկասի մէջ առաջատար է գիտութեան ոլորտին մէջ


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան կը գրաւէ 50րդ տեղը աշխարհի լաւագոյն երկիրներու ցանկի «գիտութիւն եւ արհեստագիտութիւններ» դասակարգին մէջ եւ առաջատարն է Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներուն մէջ:
Good Country Index կայքին վրայ ներկայացուած վարկանիշերու այս աղիւսակը առաջին անգամ ըլլալով կազմուած է:
Վարկանիշին համաձայն՝ համեմատութիւն կատարուած 125 երկիրներուն մէջ Հայաստան 72րդ տեղը կը գրաւէ «աշխարհի լաւագոյն երկիրները» ցանկին վրայ: Ուսումնասիրութիւնը կատարած փորձագէտները նկատի ունեցած են մարդկութեան զարգացման գործին երկիրներու ունեցած ներդրումները՝ օգտագործելով ՄԱԿի, Համաշխարհային դրամատան եւ այլ միջազգային հիմնարկներու տուեալները եօթը դասակարգերու մէջ, յատկապէս՝ գիտութիւն եւ արուեստագիտութիւններ, մշակոյթ, խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն, համաշխարհային կարգ, երկրագունդ եւ կլիմայ, բարգաւաճում եւ հաւասարութիւն, առողջապահութիւն:
Good Country Index-ի «գիտութիւն եւ արհեստագիտութիւններ» դասակարգին մէջ Վրաստան կը գրաւէ 63րդ տեղը, Ատրպէյճան՝ 95րդը: Այս դասակարգի առաջատարներն են Մեծն Բրիտանիան, Աւստրիան եւ Կիպրոսը, իսկ վերջինները՝ Լիբանանը, Անկոլան եւ Իրաքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.