2014-07-10 10:32:11

Եւրոպական յանձնաժողովի ընտրուած նախագահը պատրաստ է Եւրոպական Միութեան մէջ Բրիտանիոյ համար յատուկ պայմաններ ստեղծելու


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնի թեկնածու Ժան-Քլոտ Եունքեր յայտարարած է, որ պիտի կարենայ Բրիտանիոյ վերադարձնել ազգային խորհրդարանի լիազօրութիւններուն մէկ մասը, որոնք նախապէս փոխանցուած են Եւրոպական Միութեան բարձրագոյն մարմիններուն:
Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու խումբի մը հետ տեղի ունեցած գաղտնի խորհրդակցութիւններուն ընթացքին Եունքեր յայտարարած է «Լոնտոնի հետ լիազօրութիւններու մէկ մասը վերադարձնելու վերաբերեալ բանակցութիւններու սկսելու» պատրաստակամութեան մասին: «Բրիտանիան չափազանց կարեւոր է Եւրոպական Միութեան համար, ես չեմ ուզեր, որ Լոնտոն դուրս գայ Եւրոպական Միութենէն», ընդգծած է ան:
Անցեալ ամիս Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին ընթացքին Լիւքսամպուրկի նախկին վարչապետ Ժան-Քլոտ Եունքեր ձայներու մեծամասնութեամբ ընտրուած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնի թեկնածու: Դէմ քուէարկած են Բրիտանիան եւ Հունգարիան:
Լոնտոնի բացասական դիրքորոշումը Եունքերի թեկնածութեան նկատմամբ կը բացատրուի ներկայ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի մտահոգութիւններով. վերջինս Եունքերը կը նկատէ դաշնակցային մը եւ Եւրոպական Միութեան հետագայ համարկման աջակից մը







All the contents on this site are copyrighted ©.