2014-07-09 16:50:31

Ս. Երկրի Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն եպիսկոպոսական յանձնախումբի յայտարարութիւնը` ''Իսրայէլի ու Պաղեստինի ներկայ ողբալի կացութեան'' նիւթին մասին։


''Այսպէս կ'ըսէ Տէրը. «Մէկ ձայն կը լսուէր Ռամայի մէջ, ողբ, լաց ու գոյժ. Ռաքէլը կ'ողբար իր որդիներուն, որդիներու պատճառով չէր ուզեր մխիթարուիլ, քանի որ անոնք չկային»''։

Ս. Երկրի ներկայ իրավիճակը բռնութեան ու լացի իրավիճակ է, Պաղեստինցիները ու հրեաները միեւնոյն լացը կ'ողբան։ Մայրերն ու հայրերը, քոյրերն ու եղբայրները կ'ողբան մահը իրենց երիտասարդներուն, որոնք իյնկան զոհ` բռնութեան ու ատելութեան։ Այս յայտարարութեամբ կու գանք մեր աղօթքը բարձարցնելու ամենակալ Տիրոջ որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի զոհերը եւ կը խնդրենք որ հեռացնէ մեզմէ ատելութիւնն ու ոխը, որուն թիրախ է այս հողը։ Մեր յոյսն է որ վերջ դրուի բռնութեան, սակայն ցաւով կը տեսնենք որ ատելութիւնն ու ոխակալութիւնը կը շարունակեն մահ սփռել։ Իշխանութեան տէրերը համոզուած են որ բռնութեան ճամբով կարելի է ընդհարումները լուծել ու կը մերժեն երկխօսութիւնը։ Այսպէս կ՛արտայայտուին Ս. Երկրի Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն եպիսկոպոսական յանձնախումբի անդամները ''Իսրայէլի ու Պաղեստինի ներկայ ողբալի կացութեան'' նիւթին մասին հրատարակած իրենց հաղորդագրութեան մէջ որուն մէջ կ՛անդրադառնան ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Վատիկանի մէջ նախաձեռնած` վասն խաղաղութեան աղօթքին, Իսրայէլի ու Պաղեստինի նախագահներու մասնակցութեամբ , անցեալ 8 յունիս 2014-ին, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ըսած էր. ''խաղաղութիւնը կերտելու համար աւելի քաջութիւն պէտք է քան պատերազմ հռչակելը։ Այո՛ կլոր սեղանին եւ ոչ բռնութեան''։
Երուսպէմի եպիսկոպոսները ապա կը հաստատեն թէ ''Մենք կանչուած են վերատեսել Ս. Երկրի քաղաքականութիւնը։ Պաղեստինցիներն ու հրեաները հրաւիրուած են մերժելու ատելութիւնն ու մահը։ Հարկաւոր է ձերբազատուիլ ժխտական նախապաշարումներէն` ատելութենէն ու ոխէն։ Հարկաւոր է նոր սերունդին տալ նոր դաստիարակութիւն մը, հիմնուած արդարութեան ու խաղաղութեան վրայ, հպատակելով Աեմանակալ Տիրոջ կամքին, որ այս հողին վրայ հաստատեց հրեայ, քրիստոնեայ եւ իսլամ երեք կրօնները եւ պաղեստինցի ու հրեայ երկու ժողովուրդները։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետ մեր հողը այցելելով կոչ ըրաւ վասն արդարութեան ու խաղաղութեան։
Պաղեստինի կառավրիչներուն ըսաւ. կ'ուզեմ յայտնել իմ մօտիկութիւնս տառապող պաղեստինցիներուն։ Ժամը հնչեց ամէն ջանք թափելու երաշխաւորելու ս. Երկրի բոլոր բնակիչներուն արդարութիւն եւ խաղաղութիւն։
Իսկ հրեայ պատասխանատուներուն կոչ ուղղեց ''որպէսզի ամէն ջանք թափուի ճշմարիտ համաձայնութեան հասնելու համար։ Հարկաւոր է կրթել նոր սերունդները` հէութեան, քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան յարգանքին։
Կրօնական առաջնորդներու դերը` - կրօնապետերը կանչուած են վերջ տալու ատելութեան ու բռնութեան ձայներուն, բնաւ չնկատելու դրաձին որպէս թշնամի, այլ բարձրաձայն հաստատել որ ամէնքս եղբայրներ ենք ու Աստուծոյ զաւակներ։
Ս. Երկրի Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն եպիսկոպոսական յանձնախումբի յայտարարութիւնը կ'եզրափակուի Յիսուսի երանութիւններով`
Երանի՜ անոնց, որ քաղցն ու ծարաւն ունին արդարութեան, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան։
Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն։ 8
Երանի՜ անոնց, որ սրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք Աստուած պիտի տեսնեն։
Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.