Պաղտատի պահանջեց ազատ արձակել իսլամ արգելափակեալները։
Իսլամական ծայրայեղականներուն կողմէ իսլամական բանտարկեալներու ազատ արձակումը պահանջելու
արշաւին շրջագիծին մէջ, երեքշաբթի 8 յուլիսին, «Այշա» լրատուական կեդրոնին կողմէ հրապարակուեցաւ
վիտէօ մը, որուն մէջ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումի յայտարարած Իսլամական պետութեան ղեկավար` Ապու
Պաքր Պաղտատի անդրադարձաւ իսլամ արգելափակեալները ազատ արձակելու նոր հանգրուանի մը: Ապու
Պաքր Պաղտատի սպառնաց բանտապահներուն` զանոնք կոչելով դահիճներ եւ խոստացաւ սպաննել զանոնք:
Պաղտատի սպառնաց Ռումիէի բանտին դէմ մաքրագործումի ընդարձակ գործողութիւն մը կատարել: Նշենք,
որ լիբանանեան ապահովութեան ուժերը Ռումիէի շրջակայքը ապահովական խիստ միջոցառումներ
որդեգրեցին` նկատի ունենալով այն տեղեկութիւնները, թէ ահաբեկչական խմբաւորումներ Ռումիէի
դէմ ահաբեկչական հսկայ գործողութիւն մը կը ծրագրեն` փախցնելու համար իսլամական բանտարկեալները: Մինչ
միւս կողմէ Իրաքի մէջ քիւրտ Փեշմերկաները Պաաքուպայի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Նաքշպանտիյայի
ուղղութեամբ շղթայազերծած են ապահովական գործողութիւն մը` հետապնդելու համար ՏԱՀԵՇ-ի
անդամ զինեալները: Գործողութեան պատճառով Իսլամական պետութեան զինեալներու շարքերուն
մէջ արձանագրուած է երկու զոհ: Պաաքուպայի հիւսիս-արեւելքը գտնուող գիւղերէն մէկուն
մէջ մէկ ընտանիքէ երկու զոհ եւ երկու վիրաւոր արձանագրուած է, երբ հրասանդէ արձակուած
հրթիռ մը ինկած է անոնց տան վրայ: