2014-07-09 17:01:51

Ներկայացուեցաւ ‘'Սուրբ Աթոռի տնտեսական նոր համակարգը'' ։


Չորեքշաբթի, 9 Յուլիս 2014-ի ժամը 12-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի` Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու ‘'Սուրբ Աթոռի տնտեսական նոր համակարգը''։
Մամլոյ ասուլիսը ներկայացուցին. Կարտինալ Ժորժ Փել` տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչը, Քարտուղարութեան անդամ` Տիար Ժոզէֆ Զահրա եւ Տիար Ժան Պաբդիսդ Տէ Ֆրանսու ինչպէս նաեւ Վատիկանի դրամատան ` ղեկավարութեան խորհուրդի նախագահ` փաստաբան Էրնէսդ Վոն Ֆրէյպէրկը։
Յայտնենք թէ անեցալ շաբաթ` 5 յուլիսին, տնտեսութեան քարտուղարութիւնը Վատիկանի մէջ գուրմարած էր իր ժողովը ։
Նշենք նաեւ որ անցեալ 24 փետրուար 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իքնագիր նամակով մը հաստատած էր տնտեսութեան այս նոր կառոյցը որուն պարտականութիւնն է` ''երաշխաւորել Սուրբ Աթոռի տնտեսական եւ մատակարարական հարցերը''։

''Այս գիրով կը ստեղծուի ''Տնտեսութեան Քարտուղարութիւնը'' որուն պարտականութիւնն է ուղեցոյց առաջարկել տնտեսական մատակարարութեան գծով եւ հսկել Հռոմի Քուրիայի, Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի Պետութեան ու ասոնց հետ կապ ունեցող հաստատութիւններու կառոյցներուն եւ մատակարարական գործունէութիւններուն վրայ'', գրած էր Ֆրանչիսկոս Պապը իր ինքագիր նամակին մէջ։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ունեցած զեկոյցին մէջ, Կարտինալ Փել ներկայացուց Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի Պետութեան մատակարարուման շրջագիծէն ներս նախատեսուած նորութիւնները, որոնք մասնաւորապէս կը հային. Սուրբ Աթոռի կալուածներու մատակարարումի գրասենեակին (ափսա), կենսաթոշակային հիմնադրամին, Վատիկանի ընկերային հաղորդամիջոցներուն եւ Վատիկանի դրամատան` ''Եօրին''։
Կարտինալ Փել յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրատարակուած ինքնագիր նամակով` ''Առաքեալական աթոռի կալուածներու ու ժառանգութեան'' սովորական բաժինի մատակարարումը փոխանցուած է նորաստեղծ ''Տնտեսութեան Քարտուղարութեան'' հսկումի տակ եւ թէ Սրբազան Քահանյապետը իղձ յայտնած է որ այս առընչութեամբ բարեփոխումները կարելիին չափ առագ ընթանան։
Իսկ ինչ կը հայի ''Եօրին''` Կարտինալ Փել յատնեց թէ Սրբազան Քահանայապետի եւ կարտինալական խորհուրդի կամքով ''Եօրը'' կ՛ունենայ նոր կառավարական մարմին, գլխաւորութեամբ Տիար Ժան Պաբդիսդ Տէ Ֆրանսուի, որ 9 յուլիս 2014-էն սկսեալ կը ստանձնէ այս իր նոր պաշտօնը յաջորդելով փաստաբան Էրնէսդ Վոն Ֆրէյպէրկին որ կը շարունակէ աջակցիլ նոր կառավարական մարմինին։








All the contents on this site are copyrighted ©.