Չորեքշաբթի, 9 յուլիսին կը նշուի Հարաւային Սուտանի անկախութեան 3-րդ տարեդարձը։ Հարաւային
Սուտանը իր անկախութիւնը պաշտօնապէս հռչակած է 9 յուլիս 2011-ին։ Անկախութեան հռչակումէն
անմիջապէս ետք երկրին անկախութիւնը ճանչցան Եգիպտոսը, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ
Բրիտանիան: Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին ողջունեց
նոր պետութեան ծնունդը: Այդ առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստկաւոր Քահանայապետը պատուիրակութիւն
մը ուղարկած էր գլխաւորութեամբ Նայրոպիի առաջնորդ` Կարտինալ Ճոն Նիու-ի, մասնակցելու
անկախութեան արարողութիւններուն։ Սուրբ Աթոռը կոչ ուղղած էր միջազգային հասարակութեան`
աշխատելու անկեղծ, խաղաղ եւ շինիչ երկխօսութեան հասատատումի ի խնդիր ընդմէջ Սուտանի ու
նորանկախ հանրապետութեան, ձեռք բերելու արդար եւ հաւասարակշիռ լուծումներ, տակաւին այն
բոլոր անլուծուած հարցերուն համար։ Հարաւային Սուտանի բնակչութեան թիւը 8 միլիոնի
կը հասնի կազմուած քրիտոնեաներէ եւ հոգեպաշտներէ մինչ Հիւսիսային Սուտանի բնակչութեան
մեծամասնութիւնը կազմուած է արաբներէ եւ իսլամներէ։ Նշենք թէ նորանկախ Հարաւային Սուտանը
կը գտնուի դժուար մարտահրաւերներու դիմաց որոնց պէտք է անմիջական լուծումներ գտնել ինչպէս
ներգաղթը, բնակարանի եւ սնունդի ապահովութիւնը ու քաղաքական անապահովութիւնը։