2014-07-09 08:33:06

Կազայի դէմ Իսրայէլեան յարձակումը մագլցում կ՛արձանագրէ։


Իսրայէլեան բանակը երէկ Կազայի դէմ իր գործողութիւններուն թափ տուաւ, եւ անոր օդուժն ու ծովուժը քանի մը ժամուան ընթացքին արդէն 50 թիրախներ հարուածեցին` պատճառելով տասնեակներով զոհեր ու վիրաւորներ: Իսրայէլեան սեղմ նախարարաց խորհուրդը իր կարգին վաւերացուց 45 հազար իսրայէլացի պահեստի զինուորներ զօրակոչի ենթարկելու որոշում մը: Իսրայէլեան բանակէն աղբիւր մը նշեց, որ բանակը Կազայի մօտ սկսած է ուժեր կուտակել` առ ի պատրաստութիւն ներխուժում կատարելու:
Պաղեստինեան Համաս շարժումը իր կարգին զգուշացուց բնակարաններու ռմբակոծումէն` նշելով, որ Իսրայէլ անոր համար սուղ գին պիտի վճարէ: Համասի բանբեր Ֆաուզի Պարհում նշեց, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը թիրախներու ցանկ մը ունի եւ պատահական հակադարձութիւն չի կատարեր, այլ ընտրովի եւ ցաւցնող կերպով:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս իր կարգին կոչ ուղղեց քաղաքական եւ մարտական գետնի վրայ միջպաղեստինեան միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ ներկայ հանգրուանի դիմակայման համար միջպաղեստինեան համակարգում եւ գործակցութիւն ցուցաբերելու:
Ան նաեւ Ֆաթհի ղեկավարութեան եւ պաղեստինեան բոլոր հատուածներուն կոչ ուղղեց պաշտպանելու միջպաղեստինեան հաշտութեան համաձայնութիւնը եւ պատմական պատասխանատուութեան տէր կանգնելով` ներկայ շրջադարձային հանգրուանին պաղեստինեան ազգային նպատակը պաշտպանելու:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 Իսրայէլի դէմ արձակուած են 70 հրթիռներ: Իսրայէլեան «Պողպատեայ գմբէթ» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգը յաջողած է անոնցմէ միայն 8-ն վնասազերծել:
Աւելի ուշ` Քասսամի ջոկատները յայտարարեցին, որ իրենց անդամներէն բաղկացած մասնայատուկ ուժ մը ծովու ճամբով ներխուժած է Աշքելոնի մէջ իսրայէլեան ծովուժին պատկանող ռազմակայան մը, ինչպէս նաեւ 10 հրթիռներով ռմբակոծած է Զայքիմ եւ Եաֆթահ ռազմակայանները: Քասսամ ջոկատներու բանբերը խոստացաւ գործողութիւնները ընդլայնել, եթէ Իսրայէլ Կազայի դէմ յարձակումները շարունակէ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բանակին հրամայեց Կազայի դէմ գործողութիւնները որակական ձեւով ընդլայնելու: Ան յայտարարեց. «Կազայի դէմ գործողութիւնը կրնայ երկար տեւել, մինչեւ ամբողջական հանդարտութեան իրագործումը»:
Մինչ Ուաշինկթըն եւ Պան Քի Մուն դատապարտեցին Կազայէն Իսրայէլի դէմ կատարուած հրթիռարձակումները` Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլի կոչ ուղղեց Կազայի դէմ գործողութիւնները դադրեցնելու եւ ինքնազսպում ցուցաբերելու, իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլի կոչ ուղղեց` «անմիջապէս» դադրեցնելու Կազայի դէմ իր յարձակումը եւ «իր կիրարկած հաւաքական պատիժի քաղաքականութենէն հրաժարելու»:








All the contents on this site are copyrighted ©.