2014-07-08 10:51:02

Քիրքուքի եկեղեցին օգնութեան կը հասնի փախստական մահմետականներուն։


Հիւիսային Իրաքի Քիրքուի եկեղեցիները յանձնառումով օգնութեան կը հասնին իսլամ փախստականներուն, որոնք Մոսուլէն գաղթած են ծայրայեղ մահմետականներու հալածանքներէն փախչելու համար։
Քաղտիոյ եկեղեցին իր ունեցած բոլոր կարելիութիւններն ու կարողութիւնները տրամադրած է` սնունդ բաշխելու փախստականներուն։ Անոնք կեդրոններ բացած են եկեղեցիներու, մզկիթներու, դպրոցներու ու մշակութային կեդրոններու մէջ։
Անցեալ 9 յունիսին Քիրքուք քաղաքը անցաւ քիւրտերու ձեռքը։ Քիւրտ բեշմերկայ կոչուած զինուորները քաղաքը շրջապատած են պաշտպանուելու ծայրայեղ մահմետականներէն, որոնք Իրաքի մէջ հռչակած են իսլամական խալիֆայութիւնը։ Քաղաքը բաւարար պարենամթերք, ջուր եւ ելեկտրականութիւն ունի տակաւին։








All the contents on this site are copyrighted ©.