2014-07-08 08:26:46

Իսրայելի պետութեան կողմէ ձերբակալուած երիտասարդներէն երեքը խոստովանեցան։


«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները բախումներու պատճառ դարձած պաղեստինցի պատանիի սպանութեան համար մեղադրած են քանի մը հրեայ:
Այս գործով իսրայէլեան ոստիկանութիւնը վեց հրեայ ձերբակալած է:
Անցեալ շաբաթ հրեաները Երուսաղէմի մէջ 16-ամեայ պաղեստինցի պատանի առեւանգած էին ու ողջ-ողջ այրած: Այս դէպքը բուռն բախումներու պատճառ դարձած էր:
Դէպքին նախորդած էր երեք հրեայ բնակեցուած պատանիներու սպանութիւնը, որուն համար Իսրայէլ մեղադրած էր պաղեստինեան Համաս շարժումը եւ ձեռնարկած էր լայնածաւալ գործողութիւններու, որոնց շարքին` զանգուածային ձերբակալութիւններ եւ զինուորական գործողութիւններ:
Յայտնենք , թէ ձերբակալուած երիտասարդներէն երեքը խոստովանեցան իրենց գործած ոճիրը։
Իսրայելեան եւ Պաղեստինեան պետութիւնները ցաւակցութիւն յայտնած են պաղեստինցի պատանիին հարազատներուն։
Մինչ այդ, տարածքին մէջ, ներկայ կացութիւնը վատթարացած է, ներքին փախումներու եւ Կազայի շրջանէն հրթիռարձակումի հետեւանքով։







All the contents on this site are copyrighted ©.