2014-07-08 10:02:37

Բարեգութ Սէրը


RealAudioMP3 «Բայց ես կ'ըսեմ ձեզի, չարին հակառակ մի կենաք, այլ ընդհակառակն, եթէ մէկը ապտակէ քեզ աջ այտիդ վրայ, դարձուր անոր նաեւ միւսը: Եթէ մէկը ուզէ քեզ դատի կանչել եւ շապիկդ առնել, թող անոր նաեւ քու բաճկոնդ» (Մատթ 5, 39-40)
Յիսուսի առաքելութիւնը կայացաւ սիրոյ եւ ներողամտութեան վրայ, ամէն տեղ եւ ամէնուն տուաւ սիրոյ եւ ներումի պատգամներ որոնք մինչեւ օրս կը զարդարեն մեր քրիս-տոնեացումին կեանքը, եւ անոնք դարձան բանալին՝ հաշտութեան եւ միութեան:
Լեռան պատգամը եւ քարոզը որ Յի-սուս տուաւ իր առաքեալներուն եւ շատ մը լսողներուն եղաւ երանութեան աւե-տարան մը որ պէտք է ըլլալ բոլորիս ուղեցոյցը:
Երանութեան քարոզը կը կայանայ այն հին օրէնքի զանցումին մէջ որ է Մովսէսի օրէնքը: Յիսուս այս նոր ուխ-տադրութեամբ եկաւ կատարելու եւ հինը կատարեալ դարձնելու: Այս անցքը դարցուց գեղեցիկ փառաւորութեան:
Մովսէսի օրէնքը որ բարոյական օրէնք մը չէր միայն այլ ունէր նաեւ կազ-մակերպութիւն մը, ընկերային պաշ-տօնաւարութիւն, ան կը բանէր հրեա-ներուն որպէս դարական օրինագիրք մը:
Ընտրած ժողովուրդի կեանքին հայ-եացքը պէտք էր երթար Մովսէսի օրէն-քին եւ սակայն Յիսուս իր լերան քա-րոզով եկաւ ըսելու հրեայ ժողովուրդին թէ եկած է կատարելու այս օրէնքը եւ ոչ ջնջելու, որովհետեւ Յիսուս եկաւ նաեւ հրեայ հասարակութիւնը օգնելու եւ փո-խելու այդ գաղափարը որ ունէին Հին Օրէնքին մասին: Մէկ խօսքով, Յիսուս կ'ուզէ ըսել որ չէ եկած արդարութիւնը եւ դատարանը ջնջելու որոնք անհրա-ժեշտ են հասարակութեան կեանքին:
Յիսուս մեզի ի՞նչ կ'առաջարկէ: Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ ունենալ բարե-գութ սէր մը, սիրտ մը որ կը ներէ, սիրտ մը որ դիմացինին կու տայ իր արժա-նիքէն աւելի, սիրտ մը ուզածէն եւ սպասելիքէն աւելի... ինչ որ Աստուած մեզի ըրաւ: Յիսուս ոչ միայն մեր մեղ-քերը ներեց, այլ աւելին տուաւ երբ բո-լորիս մտցուց իր Աստուածային ընտա-նիքին մէջ, մեզի տալով կարո-ղութիւնը իսկական զաւակները դառ-նալու եւ իրեն հետ ապրելու մինչեւ յա-ւիտեան: Արդե՞օք մենք կրնանք ապրիլ դիմա-ցինին հետ ամէն ժամ եւ ամէն ուրէք:
Ո՜վ Տէր, քեզի մտիկ կ'ուզեմ ընել, օգնէ ինծի որ քու խօսքերդ լաւ հաս-կնամ. բաց իմ սիրտս որպէսզի իմ մէջս ապրիս: Շնորհակալ եմ քեզի, ո՜վ Տէր, այն սիրոյն որ ինծի կը շնորհես: Ինծի ամէն ինչ շնորհեցիր, տուիր ինծի կեանքը, փրկութիւնը. զիս դառցուցիր որպէս քու եղբայրդ եւ զաւակ մը Աստուծոյ: Յիսուսի սրտին նման սիրտ մը շնորհէ ինծի, սիրտ մը սիրով լեցուն: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.