2014-07-07 10:16:11

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։


Կիրակի, 6 Յուլիս 2014-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութիւն մը կատարեց որուն ընթացքին մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած` Մատթէոսի աւետարանէն­ ուր Յիսուս հրաւէր կ՛ուղղէ ''Ինծի եկէք, դուք ամէնքդ, որ յոգնած կը հեծէք բեռին ծանրութեան տակ, ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի''։
Յիսուսի խօսքերը միշտ յոյս կը ներշնչեն – ըսաւ Քահանայապետը – յայտնելով թէ Յիսուսի այս հրաւէրը մինչեւ մեր օրերը կը հասնի։ Աղքատ երկիրներու ինչպէս նաեւ հարուստ երկիրներու արուարձաններուն մէջ կան անձինք որ յոգնած են եւ կ՛ապրին լքումի ու անտարբերութեան բեռին տակ։
Շատեր ստիպուած են թողուլ իրենց հայրենիքը եւ վտանգի ենթարկել իրենց կեանքը։ Շատեր տնտեսական համակարգի բեռին տակ ընկճուած են։ Այս զաւակներէնէն ամէն մէկուն Յիսուս կը կրկնէ` ''Ինծի եկէք, դուք ամէնքդ'', ու այս մէկը կը կրկնէ նաեւ անոնց որ ամէն ինչ ունին ու սակայն իրենց սիրտերը դատարկ են եւ կ՛ապրին առանց Աստուծոյ։ Յիսուսի հրաւէրը ուղղուած է բոլորին ու յատկապէս տառապողներուն։
Յիսուս կը հրաւիրէ նաեւ ''առնել Իր լուծը ու Իրմէ սորվիլ, որ սրտով հեզ եւ խոնարհ է, որպէսզի գտնենք մեր հոգիներու հանգիստը'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որ Իր թիկնոցին տակ կը համախմբէ բոլոր հոգնած եւ անօգնական մարդիկը, որպէսզի կեանքով վկայուած լուսաւոր հաւատքով, մեր կարգին դառնանք սփոփանք բոլոր անոնց որ օգնութեան, քնքշութեան եւ յոյսի կարօտը ունին։
Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները եւ վերյիշելով` շաբաթ 5 յուլիսին Մոլիզէ կատարած հովուական այցելութիւնը ըսաւ. ''Կ՛ուզեմ յատուկէն ողջունել Մոլիզէի բարի ժողովուրդը, որ երէկ զիս հիւրընկալեցին իրենց գեղեցիկ նահանգին մէջ ու նաեւ իրենց սրտերուն մէջ։ Ջերմ ընդունելութիւն մը որ երբեք պիտի չմոռնամ։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ դարձեալ հրաւիրեց հաւատացելաները որ աղօթեն իրեն համար խոստանալով թէ ինք եւս նոյնը պիտի ընէ իրենց համար, ու ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ ցտեսութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.