2014-07-07 09:38:48

Ֆրանչիսկոս Պապը բացումը կատարեց Չելեսթինեան յոբելինական տարւոյն։


Շաբաթ 5 Յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը միօրեայ հովուական այցելութիւն կատարեց Իտալիոյ Մոլիզէ նահանգին` Քամփոպասսօ- Պոյանօ եւ Իզերնիա – Վենաֆրօ թեմերուն։ Այցելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Քամփոպասսոյի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ երիտասարդներուն եւ բանտարկեալներուն հետ, կէսօրուայ ճաշը բաժնեկցեցաւ աղքատներուն հետ ու ապա Ռոմանիոլի մարզադաշտին մէջ նախագահեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին։
Մոլիզէ կատարած հովուական այցելութիւնը հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Իտալիոյ մէջ կատարած 5-րդը` Լամփետուզա, Ասսիզի, Քալիարի եւ Քալապրիայ կատարած այցելութիւններէն ետք։
Յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը ինքնաթիռով փոխադրուեցաւ Քասթելփեթրոզօ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ապրուցցօ եւ Մոլիզէ թեմերու երիտասարդներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը հուսկ ինքնաշարժով տեղափոխուեցաւ Իզերնիա ուր Իզերնիայի բանտին մէջ հանդիպում ունեցաւ բանտարկեալներուն հետ ու ապա Իզերնիայի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցաւ այլ հիւանդներու խումբի մը։
Երեկոյեան ժամը 18.15-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Իզերնիայի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ հրապարակի վրայ հանդիպում ունեցաւ թեմի հաւատացեալներուն հետ, սկիզբ տալով ''Չելեսթինիան'' յոբելինական տարւոյն ու եզրափակելով իր հովուական այցելութիւնը։
Իզերնիա բնակչութեան ուղղած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ ''այս վերջին հանդիպումս Աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ, ինքնին խորհրդանշական է, քանի այս հրապարակին մէջ մարդիկը իրարու կը հանդիպին եւ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Աստուծոյ հետ կը խօսին, կը լսեն անոր խօսքը։ Քրիստոնէութեան մէջ հակառակութիւն չկայ ընդմէջ աշխարհականի ու նուիրականի։ Խորհելով ս. Չելեսդինոյի ժառանգութեան մասին, իմ միտքս կու գայ ս. ֆրանչիսկոսը։ Երկուքը այն մեծ գիտակցութիւնը ունեցած են, որ Աստուծոյ ողորմութիւնն ու գթութիւնը կը բարեփոխեն աշխարհը։ Երկուքը մեծ արգահատանք ունեցած են մարդոց հանդէպ։ Այս երկու մեծ սուրբերը գիտցան հաղորդել մարդոց աշխարհի ամենամեծ ու կարեւոր բանը` Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը, ներումը։ Մենք մեղաւորներ ենք, միշտ փորձուած ենք հետեւելու աշխարհի մտայնութեան, այս պատճառաւ մեր վստահութիւնը կը դնենք Աստուծոյ ողորմութեան վրայ, լիայոյս` որ Հայր Աստուած մեզի պիտի ներէ ու իր շնորքով պիտի լիացնէ եթէ գիտնանք մեր կարգին բարին գործել''։ Իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով ժամանակակից տնտեսական տագնապի մասին հաստատեց թէ առանց աշխատանքի արժանապատուութիւն չկայ ։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի միօրեայ հովուական այցելութիւնը վերջ գտաւ շաբաթ երեկոյեան երբ Ան ինքնաթիռով վերադարձաւ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.