2014-07-07 09:58:08

Ուքրանիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքը վախճանեցաւ


Lenta.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքի քարտուղար Ալեքսանտր Տրապինքօ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ պատրիարք Վլատիմիրը վախճանած է:
Յուլիսի սկիզբը 78 տարեկան հոգեւոր առաջնորդը ներքին արիւնահոսութիւն ունեցած էր:
Մայիսին Ուքրանիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը սկսած է հետաքննել Ուքրանիոյ նախկին նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի` պատրիարքին վրայ ճնշում գործադրելու փաստը:
Իրաւապահ մարմիններուն տուեալներով` պետութեան ղեկավարը փորձած է պատրիարքին հեռացման հասնիլ:
Փետրուարին յայտնի դարձած էր, որ հոգեւորականը վատ առողջութեան պատճառով չի կրնար կատարել իր պարտաւորութիւնները:







All the contents on this site are copyrighted ©.