2014-07-07 10:35:16

Հայաստան նշեց սահմանադրութեան օրը


5 Յուլիսին Հայաստան նշած է Սահմանադրութեան օրը: Սահմանադրութեան օրուան առիթով շնորհաւորական ուղերձով հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Հանրապետութեան նախագահին ուղերձը հրապարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան կողմէ: Հանրապետութեան նախագահը իր ուղերձին մէջ կ՛ըսէ. «Մեր երկրին մայր օրէնքը արտայայտիչն է մեր ժողովուրդի ընտրած ուղիին` ազատ, ժողովրդավարական հասարակութիւն եւ ընկերային ու իրաւական պետութիւն կառուցելու ուղի: Անկախութեան ձեռքբերումէն ի վեր կատարուած է հսկայական աշխատանք, մենք իբրեւ հասարակութիւն հասունցած ենք, իբրեւ պետութիւն` զօրացած»:
«Երկրի քաղաքական կեանքին մէջ եղած են նոյնիսկ ճգնաժամային իրավիճակներ, բայց սահմանադրութիւնը դրսեւորած է իր կենսունակութիւնը եւ բացայայտած է մարտահրաւէրները յաղթահարելու կարելիութիւնները», նշած է նախագահ Սարգսեան:
«Այս ընթացքին հասունցած է նաեւ երկրին մէջ համակարգային փոփոխութիւններ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը: Առանց սահմանադրական նոր բարեփոխումներու անոնք չեն կրնար ամբողջական ըլլալ: Այսօր սահմանադրական բարեփոխումներու նոր առաջարկները աշխուժօրէն կը քննարկուին մասնագէտներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ», նշուած է ուղերձին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան մաղթած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը ամէն օր սրբութեամբ իրականացուի եւ անշեղօրէն ծառայէ քաղաքակիրթ ապրելակերպի եւ զարգացման նպատակներուն:
Հայաստանի գործող սահմանադրութիւնը ընդունուած է 5 Յուլիս 1995-ին տեղի ունեցած ժողովրդական հանրաքուէով: 2005-ին կարգ մը փոփոխութիւններէ եւ լրացումներէ ետք կրկին ընդունուած է հանրաքուէով:
Յայտնենք, որ այժմ նոր փոփոխութիւններ կը պատրաստուին, անոնք կը մշակուին երկրին նախագահին հրամանագիրով ստեղծուած մասնագիտական յանձնախումբի մը կողմէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.