''Ընտանիքը Ափրիկէի մէջ այսօր'' խորագրով Ափրիկէցի եպիսկոպոսներու լիանիստ ժողովը։
6 -13 Յուլիս 2014, Քոնկոյի Պրացցավիլլէ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Կեդրոնական Ափրիկէի
եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու ընկրակցութեան լիանիստ` 10-րդ ժողովը որուն կեդրոնական
նիւթն է ''Ընտանիքը Ափրիկէի մէջ այսօր''։ Վերոյիշեալ ժողովին օրակարգը` 8 յուլիսին,
կը նախատեսէ Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ` Գերապայծառ Վինչէնցօ Փալիայի
զրոցյը ընտանիքի նիւթին մասին։ Յայտնենք որ յառաջիկայ հոկտեմբեր 2014-ին, Վատիկանի մէջ
գումարուած է եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոս մը` ընտանիքի դիմագրաւած ժամանակակից
մարտահրաւէրները քննարկելու եւ Ընտանիքը հովուական նոր ուղեգիծ մը որդեգրելու նպատակով։