2014-07-07 10:04:04

«Կը մաղթենք, որ Պըրրի խորհրդարանը ամէնօրեայ դրութեամբ նիստերու հրաւիրէ» ըսաւ Ռայի Պատրիարք


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց անմիջապէս հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու:
Ան մաղթեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը ամէնօրեայ դրութեամբ եւ պարտադիր նիստերու հրաւիրէ, որովհետեւ Լիբանան առանց գլուխի չի կրնար գոյատեւել:







All the contents on this site are copyrighted ©.