2014-07-05 11:59:16

Դ. Կիրակի Զկնի Հոգեգալստեան
ՄՏԹ. ԺԲ. 38 – 45


RealAudioMP3 Յիսուսի ժամանակակից հրեաները, դպիրները եւ փարիսեցիները ականատես եղած էին անոր գործած բազմաթիւ հրաշքներուն, որոնք բաւարար էին զիրենք համոզելու թէ Ան խոստացուած Մեսիան էր, բայց անոնք միայն նիւթին կարչած` հոգեւորապէս կոյր, աչք ունէին եւ չէին տեսներ, հաւատք չէին ընծայեր Իրեն, որովհետեւ ինչպէս կը կարդանք այսօրուան Աւետարանին մէջ, կը խնդրեն Քրիստոսէ նոր արտակարգ, զգայացունց սքանչելիք մը երկինքէն:
Անոնք այս խնդրանքը կ՛ընէին ոչ թէ անով հաւատքի գալու համար, որովհետեւ այնքան հրաշքներ տեսնելէ ետք հաւատացած չէին, եւ նոր հրաշք մը տեսնելով չէ որ հաւատքի պիտի գային: Ամէն պարագային` Ամենաբարին Յիսուս անոնց կը խոստանայ գերագոյն հրաշք մը` իր անձնական Յարութիւնը, ըսելով. « Ինչպէս որ Յովնան Կէտի փորի մէջ մնաց երեք օր եւ երեք գիշեր, նոյնպէս ալ մարդու Որդին պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ երեք օր ու երեք գիշեր»: Այս խօսքերով կը խօստանար թէ իր մահէն երեք օր ետք յարութիւն պիտի առնէր եւ ասիկայ պիտի ըլլայ աստուածային առաքելութեան կնիքը եւ ամենամեծ նշանը: Մեր Տէրը պիտի կատարէր այս մեծ հրաշքը, սակայն հրէաները դարձեալ պիտի չհաւատան իրեն ու այսպէս աւելի յանցապարտ պիտի ըլլան քան թէ Նինուէացիները, որոնք զղջացին իրենց մեղքերուն վրայ եւ ապաշխարեցին Յովնանու քարոզութիւնը լսելով եւ ըսել որ հոս Յովնանէ աւելի մեծը կար:
Այսպէս Մեսիայի ժամանակակիցները իրենք զիրենք կոյր ձեւացուցին` չտեսնելու համար եւ խստասիրտ գտնուեցան յայտնի ճշմարտութեան դիմաց, անոր համար ալ անոնց դատաստանը խստապահանջ պիտի ըլլայ եւ պիտի չկարենան երբեք իրենք զիրենք արդարացնել, որովհետեւ ունեցան այնպիսի յորդառատ շնորհքներ եւ լոյսեր, որոնք շնորհուած չէին ուրիշներուն: Մէկ խօսքով անոնց գործած մեղքը Ս. Հոգւոյն դէմ էր, որուն համար Յիսուս ըսաւ թէ պիտի չներուի ոչ այս աշխարհիս վրայ եւ ոչ ալ հանդերձեալին մէջ:
Հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը եւ գոռոզութիւնը մեծ արգելք են ճշմարտութիւնը ճանչնալու, որովհետեւ ինչպէս կ՛ըսէ Ս. Պետրոս. « Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն եւ իր շնորհքները կու տայ խոնարհներուն»: Ուղղամիտներու եւ բարի կամք ունեցողներու համար` մեծ փաստեր չեն պահանջուիր, անոնք արդէն ծարաւի են ճշմարտութեան եւ տրամադիր զայն ընդունելու պարզամիտ սրտով:
Մենք ալ այսօր հրեաներէն նուազ անհաւատ չենք: Քանիցս հրեաներուն նոյն ընթացքը կը բռնենք, հաւատք չենք ընծայեր Քրիստոսի ըսածներուն եւ մանաւանդ չենք գործադրեր իր իմաստուն պատուէրները փրկութեան հասնելու համար: Մկրտուածներուն մէջէն քանիներ այսօր կորսնցուցած են իրենց հաւատքը, հաւատուրացներ դարձած են, քանիներ ալ տեսականին մէջ իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը դաւանին, բայց գործնականի մէջ հեթանոսաբար կ’ապրին, որով աւելի յանցապարտ են քան Քրիստոսի ժամանակակից Հրեաները: Մեզմէ` քրիստոնեաներէս ներկայիս աւելի կը պահանջուի կենցաղի վկայութիւն, բարի օրինակի շինիչ ազդեցութիւնը ընկերութեան վրայ: Քրիստոնեաներուս վարած օրինակելի կեանքը պատճառ կը հանդիսանայ շատերուն Աստուծոյ անունը փառաբանելու: Հետեւաբար, զգոյշ ըլլանք գայթակղութիւն չպատճառելու ուրիշներուն, այլ տէր կանգնինք մեր վարքն ու բարքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.