2014-07-04 10:52:51

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Լամբէտուզա կղզի այցելութեան առաջին տարեդարձին առթիւ հանդիսաւոր ս. Պատարագ։


Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, անցեալ 3 յուլիս 2013-ին, Լամբէտուզա կղզի կատարած այցելութեան առաջին տարեդարձին առթիւ, ծրագրուած նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս, կիրակի, 6 յուլիս 2014-ի առաւօտեան, Լամբէտուզայի Սան Ժէրալտօ անուան ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ, գլխաւորութեամբ գաղթականներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Վէլիոյի, տեղի կ՝ունենայ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութիւն, յիշատակելու` Ֆրանչիսկոս Պապի այցը Լամբէտուզայ եւ կղզիին մէջ գտնուող գաղթականներուն հետ անոր հանդիպումը։ Յայտնենք, թէ մէկ տարի առաջ` 8 յուլիս 2014-ին, Սրբազան Քահանայապետը ուզած է կղզին այցելել աղօթելու համար տեղահանութեան զոհերուն դիտաւորութեան, հանդիպելու գաղթականներուն եւ խրախուսելու Լամբէտուզա կղզիի բնակիչները ու համայն աշխարհին ուղղելու պատասխանատուութեան կոչ մը` օգնութեան հասնելու համար ''մեր այս եղբայր ու քոյրերուն''։

Նորին Սրբութիւնը խորապէս ազդուած էր կղզիի ծովուն մէջ ընկղմած Ափրիկէյէն գաղթականներ փոխադրող նաւի լուրէն։
Լամբէտուզա կղզիի մարզադաշտին մէջ մատուցած պատարագին աւարտին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը աղօթք մը արտասանած է Ս. Կոյս Մարիամի արձանին առջեւ հայցելով անոր հովանին` գաղթականներուն համար։ Ան ապա Աստուծմէ ներում խնդրած է ''անզգամ եսապաշտութեան համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.