2014-07-04 10:09:17

Պրազիլի Քարիթասը եւ ՄԱԿը կը կազմակերպեն փախստականներու ոտնագունդի համաշխարհային բաժակի խաղերը։


Նախաձեռնութեամբ Պրազիլի Քարիթասի ու Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան, Պրազիլի մէջ ապրող ոտնագունդի խաղը սիրող 16 երկիրներու փախստականներ, պիտի մասնակցին ոտնագունդի համաշխարհային բաժակի մրցումին, ունենալով որպէս կէտնպատակ հրաւիրել աշխարհի ուշադրութիւնը փախստականներու հարցին շուրջ։
Խաղերը տեղի կ՛ունենան 2 եւ 3 օգոստոսին Սան Փաոլոյի մէջ` Պրազիլի տնտեսական մայրաքաղաքը ։ Նշենք որ Պրազիլի արդարութեան նախարարութեան գնահատումով երկրին մէջ կ'ապրին աւելի քան 1,5 միլիոն գաղթականներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.