2014-07-04 10:00:34

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մասնակցեցաւ Եփրեմ Բ. նորընտիր Պատրիարքին ի պատիւ ճաշկերոյթին


Ուրբաթ, 27 յունիս 2014-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մասնակցեցաւ ասորի ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տէր Իգնատիոս Եփրեմ Բ. նորընտիր Պատրիարքին ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին, որ տրուած էր Արեւելքի քրիստոնեաներու համախմբումին կողմէ, Պէյրութի մէջ: Ճաշկերոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ասորի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եունան Պատրիարքը, յոյն կաթողիկէ Լահհամ Պատրիարքը եւ այլ հոգեւորական ու պետական անձնաւորութիւններ: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ընկերացան հայր Պերճ վրդ. Սապէ, տիարք Ապպուտ Պօղոս եւ Վաչէ Նիւրբէթլեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.