2014-07-03 11:48:16

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը կը դատապարտէ ''արիւն արեան դէմ'' հրէական քաղաքականութիւնը։


''Վայել չէ քաղաքապետի մը կամ կրօնապետի մը զօրակցիլ եւ հրահրել ատելութիւնը։ Վրէժը վրէժ կը յառաջացնէ, արիւնը` արիւն'' ըսաւ Երուսաղէմի Լատիններու պատրիարք` գերերջանիկ ֆուատ Թուալը, պաղեստինցի երիտասարդի մը դիակի յատնաբերումին ի լուր։ Ան ապա յայտնեց թէ ''Ժողովուրդ մը կայ որ երկար տարիներէ սուգի մէջ է եւ թէ հարկաւոր էձեռբազատուիլ կարգ մը մարդոց այն թիւր տրամաբանութենէն որ մէկ կողմէն խտրականութիւն կը դնէ զոհի ու անմեղի միջեւ ու միւս կողմէն կը կարծէ որ ցաւը կարելի է ամոգել ուրիշին ցաւ պատճառելով։
''Միմիայն ներումը ներում կը յառաջացնէ'' – հաստատեց Պատրիարքը աւելցնելով թէ ''սպաննուած անմեղ երիտասարդները ատելութեան խորանի վրայ մատուցուած զոհեր են''։ Ան ապա հրաւիրեց ''Աղօթել անոնց հոգիներու փրկութեան, որպէսզի ամենախնամ Տէրը ընդունի զանոնք իր Արքայութեան մէջ եւ սփոփանք ու մխիթարութիւն պարգեւէ անոնց ընտանիքներուն''։
Մուհամմատ Ապու Խտէյր 16 ամեայ անչափահաս պաղեստինցիին այրած մարմինը գտնուեցաւ իսրայէլեան ոստիկանութեան կողմէ, Երուսաղէմի մէկ անտառին մէջ։ Անոր սպաննութիւնը պտուղն է ծայրայեղ հրէական մէկ խումբին, վրէժ առնելու անցեալ 12 յունիսին արեւանգուած ու 30 յունիսին Հեպրոնի մէջ սպաննուած երեք երիտասարդ հրեաներու։
Թուալ Պատրիարքը ցաւով յայնտեց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ս. Երկիր այցելութիւնը ու Վատիկանի մէջ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի նախագահներուն հետ վասն խաղաղութեան աղօթքը` մեծ յոյսեր արծարծած էին։ Իսկ այժմ - դիտել տուաւ Պատրիարքը - անմեղ երիտասարդներու սպաննութիւնը դարձեալ սկիզբ տուաւ բռնութիւններու շղթային եւ անգամ մը եւս բռնութիւնը իր գերակայութիւնը վերահաստատեց խաղաղութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.