2014-07-03 10:18:00

«Սուրիոյ հարցով բանակցութիւնները պիտի չվերսկսին, մինչեւ նոր միջնորդի մը նշանակումը» կ՛ըսէ Կաթիլով


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն քանի մը թեկնածուներ նկատի ունի Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակի պաշտօնին համար, իսկ մինչեւ նոր միջնորդի նշանակումը Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութիւնները պիտի չսկսին:
«Ընդհանուր քարտուղարը տակաւին չէ կողմնորոշուած Իպրահիմիին յաջորդելիք թեկնածուի հարցին մէջ: Մենք անոր կը յորդորենք ատիկա կարելի եղածին չափ շուտ ընել` մեկնելով բանակցային հոլովոյթին մէջ երկարատեւ դադար չարտօնելու անհրաժեշտութենէն», յայտնած է Կաթիլով:







All the contents on this site are copyrighted ©.