2014-07-02 09:26:44

Ֆրանչիսկոս Պապի ամառնային շրջանի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ: Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններու դադար։


Վատիկանի մամլոյ գրասենաեկի, անցեալ օրերուն հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չոքերշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները դադրած կը նկատուին, Յուլիս 2014-ի բոլոր ամսուան ընթացքին, եւ կը վերսկսին 6 օգոստոսին, թէեւ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Քորէայ կատարելիք հովուական այցելութեան առթիւ ( 14 -18 օգոստոս) օգոստոս 13-ին նախատեսուած չորեքշաբթի օրուայ ունկնդրութիւնը եւս չեղեալ նկատուելու է։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Կիրակնօրեայ Հերշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին, Սուրբ աթոռի մամլոյ գրասենեակը կը յայտնէ թէ անոնք, կանոնաւոր կերպով պիտի շարունակուին Վատիկանէն` ամէն կիրակի, բացի 15 եւ 17 օգոստոսին, Սրբազան Քահանայապետին բացակայութեան պատճառաւ, վերոյիշեալ ճամբորդութեան առթիւ։
Քալով Սրբազան Քահանայապետի մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագին հաւատացեալներու մասնակութեան, այս մէկը եւս դադրած կը նկատուի բոլոր ամառնային շրջանին` յուլիսի սկիզբէն մինչեւ օգոստոսին վերջը։
Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Պապը շաբաթ, 5 Յուլիսին, հովուական այցելութիւն կը կատարէ Իտալիոյ Քամբոպասսօ եւ Իզերնիայ թեմերուն մինչ այս օրերուն (1-4 յուլիս) Ան կը մասնակցի Կարտինալական ութեակ խորհուրդի 5-րդ ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.