2014-07-02 10:08:22

Ռուհանի կոչ կ՛ուղղէ դրացի երկիրներու հետ բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւններ մշակելու


Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի կոչ ուղղեց բոլոր դրացի երկիրներուն հետ երկխօսութեան եւ բարի դրացնութեան վրայ հիմնուած բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւններ մշակելու` ի շահ իրենց ժողովուրդներուն եւ բոլոր շրջաններուն:
Ռուհանի ըսաւ. «Հակառակ անոր որ մէկ-երկու պետութիւն տակաւին բարեկամական յարաբերութիւններու փափաք չեն յայտնած, սակայն յղեցինք ցուցանիշները, որոնք անոնց հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու մեր նախանձախնդրութիւնը կը հաստատեն»:
Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը յայտարարեց, որ իբրեւ մարդասիրական օժանդակութիւն իրաքցի ժողովուրդին, «անկախ անոր պատկանելիութենէն», մէկ միլիառ տոլար կը տրամադրէ:
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ թագաւորին հրամանով Խալետ պըն Պանտար իշխանը նշանակուած է սէուտական գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար, իսկ Պանտար պըն Սուլթան իշխանը իր ներկայ պաշտօնին կողքին նշանակուած է թագաւորի խորհրդական ու պատուիրակ:







All the contents on this site are copyrighted ©.