2014-07-02 09:45:03

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի փոխանորդը՝ Տիգրանակերտի մշակոյթի դեսպան։


Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, որ Տիգրանակերտ գացած էր նախագահելու համար Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ անցեալ Կիրակի օր մատուցուած Ս. պատարագին, Երկուշաբթի, Յունիս 30-ին հանդիպում մը ունեցած է Տիգրանակերտի կուսակալ Մուսթաֆա Ճահիտ Քըրաչի եւ քաղաքապետ Ֆըրաթ Անլըի հետ։
Վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր» կայքը՝ Armenpress.am կը նշէ, թէ Արամ սրբազան, որպէս յիշատակ, կուսակալին նուիրած է Հայաստանէն բերուած քանդակազարդ փայտեայ ծաղկաման մը, իսկ կուսակալը Արամ սրբազանին նուիրած է Տիգրանակերտի մասին զանազան գիրքեր։
Իր կարգին, քաղաքապետը յայտնած է, որ քաղաքապետարանը բարոյապէս եւ նիւթապէս միշտ պատրիարքարանի կողքին է՝ յոյս յայտնելով, որ հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին եւս կը վերաբացուի: Անլը նաեւ առաջարկած է Աթէշեանին ըլլալ Տիգրանակերտի մշակոյթի դեսպանը, իսկ պատրիարքական փոխանորդը իր կարգին ընդունած է առաջարկը:
Աթէշեան նաեւ խօսած է Սուրբ Սարգիս եկեղեցին վերաբանալու կարեւորութեան մասին՝ ընդգծելով, որ եկեղեցւոյ բացման պարագային՝ աւելի մեծ թիւով հայեր Տիգրանակերտ պիտի այցելեն: «Բոլոր անոնք, որոնք կ՛այցելեն Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, կը հարցնեն, թէ ե՛րբ պիտի բացուի Սուրբ Սարգիսը», ըսած է Աթէշեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.