2014-07-02 10:08:13

Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանը կը վճռէ. «Ֆրանսայի մէջ Լաչակ կրելու արգելքը չէ խախտած մարդու իրաւունքներու ուխտը»


Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Մեծ պալատը «Սէ.Ա.Սէ.»-ն ընդդէմ Ֆրանսայի անունով գործը քննարկելով որոշած է, որ Ֆրանսայի իշխանութիւնները հասարակական վայրերուն մէջ ամբողջ դէմքը փակող հագուստ հագնիլը արգիլելով չեն խախտած մարդու իրաւունքներու հարցով եւրոպական ուխտը:
Նկատի ունենալով, որ դատավճիռը կը պատկանի Մեծ պալատին, անիկա բողոքարկման ենթակայ չէ:
Հայցուորը, որ կը յիշատակուի «Սէ.Ա.Սէ.» սկզբնատառերով, ծնած է 1990-ին եւ այժմ կ՛ապրի Ֆրանսայի մէջ: Ըստ անոր, ինք կը կրէ փարաջա եւ նիքապ` համապատասխան կրօնական, մշակութային եւ անձնական համոզումներու, եւ իր ընտանիքին մէջ ոչ մէկը զինք ստիպած է զանոնք հագնելու:
2011-ին Ֆրանսայի մէջ կայացած է առաջին դատավճիռը հասարակական վայրի մէջ փարաջա կրելու համար: Ֆրանսական Մօ քաղաքի դատարանը Հինտ Ամայի 120 եւրօ եւ Նաժատ Նայիտ Ալիին 80 եւրօ տուգանք սահմանած էր, որովհետեւ անոնք ամբողջովին փակուած դէմքերով անցած են քաղաքապետարանի առջեւի փողոցէն: «Այդ օրէնքը կ՛արգիլէ աղջիկներուն լաչակով դուրս գալ տունէն: Որոշակի առումով ատիկա ցկեանս բանտարկութիւն է», ընդգծած է դատարանը:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով` երկրին մէջ կան առնուազն երկու հազար կիներ, որոնք փարաջա կամ լաչակ կը կրեն:







All the contents on this site are copyrighted ©.