2014-07-01 11:04:20

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կոչը ընկերային բարի քաղաքականութեան մը ի խնդիր։


Հռոմի` ''Իլ Մեսսաճերօ'' լայնածաւալ օրաթերթի լրագորղ Ֆրանքա Ճանսոլտաթիի հետ ունեցած ելոյթով, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը զանազան նիւթերու շարքին անդրադարձած է նաեւ` երախաներու շահագործումին, աղքատներուն, կնոջ դերակատարութեան ընկերութեան ու եկեղեցւոյ մէջ։
Ան ցաւով մատնանշած է որ Հռոմ քաղաքը` որ ''Յաւիտենական քաղաք'' կը կոչուի, փոխանակ ըլլալու աշխարհի փարոսը, դարձած է ցոլացումը` ընկերութեան բարոյական վատթարացումին։
Սրբազան Հայրը, ապա դատապարելով սեռային շահագործումը, պարմանուհիներու մանկամոլներ որակեց այն անձերը ու յատկապէս տարեցները որ կը յաճախեն մանուկ պոռնիկները, իշխանութիւններէն պահանջելով վճռակամ եւ հաստատ քայլեր առնուին այս երեւոյթի կանխարգիման առընչութեամբ։
''Ինծի - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը - երախաներու շահագործումը անհուն ցաւ կը պատճառէ, երբ անոնք կը շահագործուին թէ գործարաններու մէջ ձեռային աշխատանքով եւ թէ սեռային յարաբերութիւններով պանդոկներուն մէջ։
Իր երկարաշունջ ելոյթին ընթացքին Սրբազան Հայրը անդրադաձաւ նաեւ աղքատներու օգնութեան հասնելու կարեւորութեան մասին։ Պատասխանելով իրեն տրուած ''համայնավար'' մակդիրին, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ թէ ''համայնավարները գողացան մեր դրոշակը` աղքատներու դրոշակը միշտ եղած է քրիստոնեաներունը'' Ան ապա ընդգծեց որ ''աղքատութիւնը Աւետարանին կորիզը կը կազմէ։ Համայնավարները կ'ըսեն թէ այս ամէնը համայնավարութեան կը պատկանի, այս մէկը շիտակ կրնայ ըլլալ, սակայն 20 դար ուշացումով։
Պատասխանելով հուսկ Եկեղեցւոյ մէջ կնոջ դերին մասին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսաւ. ''Կինը Աստուծոյ լաւագոյն ստեղծագործութիւնն է, Եկեղեցին իգական է եւ հարկաւոր է իգական աստուածաբանութեան մը խորացումը ''։
Յայտնենք որ վերջերս Սրբազան Քահանայապետը երկարաշունչ ելոյթ ունեցաւ նաեւ սպանական «Լավանկուարտիա» օրաթերթին հետ եւ այլ իտալական մամուլի մարմիններուն հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.