2014-07-01 10:46:01

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւը Իսրայէալցի երեք երիտասարդներու մահուան ի լուր


''Երեք Իսրայէլացի երիտասարդներու սպաննութեան լուրը, մեծ ցաւ պատճառեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին''։ Այս մասին հաղորդեց Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին հաստատելով թէ ''Ֆրանչիսկոս Պապը կը միանայ Իսրայէլացի երեք զոհերու ընտանքիներու ցաւին''։
''Սարսափելի եւ ողբերգական լուր մը, անընդունելի եւ նողկալի ոճիր մը'' հաստատեց Հայր Լոմպարտին մատնանշելով թէ ''ողբերգական այս արարքը, արգելք կը հանդիսանայ խաղաղութեան այն ուղեւորութեան, որուն համար յանձնառու ենք եւ կը շարունակենք անդադար աղօթել''։ Ան ապա աւելցուց թէ ''Բռնութիւնը այլ բռնութիւն կը յառաջացնէ եւ կը հրահրէ մահաբեր ատելութիւնը'' ու յայտնեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՝աղօթէ, որպէսզի Աստուած, բոլորին ներշնչէ խաղաղութեան եւ գթութեան մտածողութիւն''։







All the contents on this site are copyrighted ©.