2014-07-01 10:47:13

Պատրիարքական անուանումներ։


24 յունիս 2014-ին, ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր` Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը, ըստ դիւան թիւ 174/14-ի, հայր Սարգիս Վրդ. Դաւիթեանը անուանեց Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդութեան, զինք դնելով թեմի առաջնորդին տրամադրութեան տակ ծառայելու համար մեր Հայ կաթողիկէ համայնքին։
Նոյն օրը, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ըստ դիւան թիւ 175/14-ի, հայր Պերճ վրդ. Սապէն անուանեց որպէս ժողովրդապետ Պուրճ Համուտի «Սուրբ Փրկիչ» ժողովրդապետութեան, ունենալով որպէս փոխ ժողովրդապետ՝ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.