2014-07-01 10:50:33

Շնորհաւորական ուղերձներ Ռամատանի առիթով


Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Սիսիին եւ Ազհարի շէյխ Ահմատ Թայյէպին, Ռամատանի առիթով: Նամակին մէջ գերապայծառ տէրը իր բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէ Եգիպտոսի պետութեան եւ ժողովուրդին, աղօթելով որ այս օրհնեալ ամիսը բարեբեր եւ խաղաղ ըլլայ բոլոր իսլամ հաւատացեալներուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.