2014-07-01 08:20:27

«Թղթակիցներ առանց սահմաններու»ն կը Քննադատէ Հայաստանի մէջ լրագրողներուն նկատմամբ ոստիկանութեան բռնութիւնը։


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Թղթակիցներ առանց սահմաններու» միջազգային կազմակերպութիւնը իր անհանգստութիւնը յայտնած է Հայաստանի մէջ լրագրողներուն դէմ գործադրուած բռնութեան դէպքերուն առնչութեամբ:
Կազմակերպութեան կայքին համաձայն՝ 23 Յունիսին լրագրողները ոստիկանութեան բաժանմունքին մօտ, 60 գործիչներու հետ սպասած են նոյն օրը աւելի կանուխ ձերբակալուած գործիչներու ազատ արձակման։
Այդ միջոցին ոստիկան մը հարուածած է լրագրող Անի Գէորգեանի դէմքը, ուրիշ մը հարուածած է նաեւ Արփի Մախսուդեանը, երբ վերջինս տեղի ունեցածը կը նկարէր հեռաձայնով: Ոստիկանները յարձակած են նաեւ «Gala TV»ի նկարիչ Փայլակ Ֆահրադեանի վրայ, եւ գետին նետած անոր ելեկտրոնային նոթպուքը: «Մենք վճռականօրէն կը քննադատենք լրագրողներուն դէմ ոստիկանութեան բռնութիւնը, մանաւանդ որ անոնք պարզապէս օրինաւոր կերպով իրենց աշխատանքը կը կատարեն: Ոստիկանութեան գործողութիւնները պէտք չէ անպատիժ մնան, այլապէս անոնց յարձակողական կեցուածքը կրնայ կրկնուիլ եւ դառնալ բնական ընթացք։ Լրագրողներուն վրայ յարձակած ոստիկանները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին», յայտարարած է Եոհան Պիրը՝ կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժինի ղեկավարը:
Կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այդ օրը ձերբակալուած է 27 գործիչ։








All the contents on this site are copyrighted ©.